ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա շաբաթական ճեպազրոյցին ընթացքին ցաւակցութիւն յայտնեց Գամիշլիի հայ հոգեւորական Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի եւ անոր հօր‘ Աբրահամ Պետոյեանի սպանութեան առիթով։
«Մենք անկեղծ ցաւակցութիւն կը յայտնենք զոհուածներուն հարազատներուն եւ Սուրիոյ հայ համայնքին», Rusarminfo-ի համաձայն, ըսած է Զախարովա՝ անդրադառնալով Սուրիոյ հիւսիսը հաստատուած զինադադարին եւ անկէ ետք ստեղծուած իրավիճակին։
Ան նշած է, որ Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ չգտնուող տարածքներուն մէջ քրիստոնեաներուն նկատմամբ բռնութեան եւ ահաբեկչութեան գործողութիւնները վրդովմունք կը յառաջացնեն։