ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ կայ է բոլոր հարցերը քն-նարկելու պատրաստակամութիւնը: Նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծը աշխատանքային փաստաթուղթ է:
«Առաջիկայ օրերին հանրային քննարկման փուլում նախարարի եւ նախարարութեան այլ ներկայացուցիչների կողմից հանդիպումներ կը լինեն բոլոր շահագրգիռ կողմերի հետ: Հանրութեանը յուզող բոլոր թեմաները կը քննարկուեն այդ հանդիպումների ընթացքում: Հանդիպումների օրակարգը շուտով կը սահմանուի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Երեւանի պետական համալսարանի ուսանող եւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը պահանջող բողոքի ցոյցի նախաձեռնող անդամներէն Գէորգ Գիւլումեան յայտնեց, որ, հակառակ նախարարութեան յայտարարութեան, տակաւին իրենք պիտի շարունակեն դասադուլը մինչեւ որ ստանան իրենց հարցումներուն պատասխանը եւ բաւարարուած զգան։
Գիւլումեան նշեց, որ հանդիպման ձեւաչափը պէտք է որոշեն նաեւ իրենք, իսկ դասախօսական կազմին հետ հանդիպման, եթէ յատուկ հանդիպում ըլլայ, պէտք է մասնակցին նուազագոյնը 25-30 դասախօս: Անոր համաձայն՝ ուսանողներուն հանդիպումը պէտք է ըլլայ լրատուամիջոցներուն առջեւ բաց, այսինքն՝ ուղիղ եթերով:
«Բաց քննարկման կոչ ենք անում: Բոլոր լրատուամիջոցները պէտք է լինեն, եւ չենք պատրաստւում 3-4 հոգով գնալ քննարկման. հանդիպմանը մասնակցող խումբը պէտք է ձեւաւորուի ե՛ւ համալսարանից, ե՛ւ ՀՅԴ ՀԵՄից: Եթէ նախարարը փորձի մեզ հրաւիրել 3-4 հոգով, մենք չենք պատրաստւում գնալ հանդիպման», նշեց ան:
Ուսանողական շարժման ներկայացուցիչը աւելցուց, որ ոչ մէկ զիջում պիտի կատարուի։ «Մենք քաղաքակիրթ մարդիկ ենք, ընդունում ենք նախարարի՝ կլոր սեղանի շուրջը նստելու առաջարկը, բայց գոյութիւն ունի յստակ ձեւաչափ՝ նախաձեռնող խմբի բոլոր անդամները պէտք է ներկայ լինեն, իսկ մեր առաջ քաշած բովանդակային հարցերի մասով որեւէ յետքայլ չի լինելու», յայտնեց Գիւլումեան։
ՀՅԴ ՀԵՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան, ամփոփելով անցած տասը օրուան իրադարձութիւնները՝ անդրադարձաւ շրջան ընող այն տեսակէտին, որ ասիկա նեղ, կուսակցական պահանջ է. ան հաստատեց, որ այս օրերուն ընթացքին այս տեսակէտը ջախջախուեցաւ, որովհետեւ իրենց միացան Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան եւ պատմութեան բաժանմունքի ուսանողները, ԵՊՀ ուսանողական խորհուրդը, իրենց միացան շուրջ 60 դասախօսներ՝ միօրեայ նախազգուշական գործադուլով, «Ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներ» հասարական կազմակերպութիւնը, Գիւմրիի եւ Շիրակի համալսարանները։