Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան 5 եւ 6 Նոյեմբերին, Աթէնք գտնուեցաւ եւ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ յունահայ գաղութի կառոյցներուն հետ:
Երեքշաբթի, 5 Նոյեմբերի առաւօտուն, Իշխանեան եւ իր տիկինը այցելեցին «Ազատ Օր»ի խմբագրատունը եւ մօտէն ծանօթացան յունահայ օրաթերթի հրատարակութեան աշխատանքներուն:
Նոյն օրը, Արցախի պատգամաւորը եւ իր տիկինը առիթը ունեցան այցելելու ՀԿ Խաչի Ճէնազեան, Յակոբեան եւ Զաւարեան Ազգային վարժարանները եւ ծանօթանալու աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմերուն հետ: Փոքրիկները հետաքրքրութեամբ մօտեցան Արցախի հիւրին եւ լսեցին անոր պատգամները ու թելադրութիւնները՝ հայու ինքնութիւնը եւ Արցախի հերոսական պատմութիւնը իրենց սիրտերուն մէջ պահելու:
Դաւիթ Իշխանեան հարցազրոյց մը ունեցաւ յունական «Էֆիմերիտա Թոն Սինտաքթոն» թերթի հայասէր թղթակից Նիքոլաս Զիրղանոսի հետ, որ Արցախի քառօրեայ պատերազմին այցելած էր Արցախ ու իր տպաւորութիւնները եւ Արցախի ժողովուրդի արդար պայքարը նկարագրած էր երկարաշունչ յօդուածով մը:
Չորեքշաբթի, 6 Նոյեմբերին, Իշխանեան այցելեց Ազգային Աառաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն հետ: Նոյն գիշերը, Դաւիթ Իշխանեան հանդիպեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրական կոմիտէի կազմին հետ: Ան ներկայացուց Արցախի հիմնահարցի վերջին զարգացումները, խօսեցաւ Արցախի քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակին մասին, յատկապէս 2020ի նախագահական եւ երեսփոխանական զոյգ ընտրութիւններուն լոյսին տակ: Ան անդրադարձաւ Արցախի միջազգային ճանաչման համար եղած ջանքերուն եւ քաղաքական նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը ծաւալին պետական մակարդակի վրայ, ապա ան խօսեցաւ վերջերս Արցախի իշխանութեան եւ ՀՅԴի կողմէ կազմակերպուած Արցախի բարեկամներու խորհրդաժողովին մասին: