ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը օր առաջ Ազգային ժողովին մէջ պատգամաւորներուն հետ հարցուպատասխանի ընթացքին անդրադարձաւ Մատրիտեան սկզբունքներուն՝ յայտնելով, թէ այդ առնչութեամբ նոր ըսելիք չունի, քան այն, ինչ որ յայտարարած էր Ստեփանակերտի մէջ, 12 Մարտին։
Մարտ 12ին Ստեփանակերտի մէջ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու միացեալ նիստին Նիկոլ Փաշինեան փաստացի յայտարարեց Մատրիտեան սկզբունքները մերժելու մասին՝ յայտնելով, որ Մինսկի խումբի համանախագահները պէտք է յստակութիւն մտցնեն, թէ ի՛նչ կ՛ենթադրեն իրենցմէ եւ ի՛նչ կը նշանակեն այդ սկզբունքները: Երեւանը յայտարարեց, որ անոնք ենթակայ են կամայական մեկնաբանման, իսկ ատիկա կը տանի անորոշութիւն, հետեւաբար կարելի չէ բանակցիլ անորոշ սկզբունքներու շուրջ կամ անոնց հիման վրայ:
Քանի մը օր առաջ խորհրդարանին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց այդ կեցուածքը եւ դիտել տուաւ, որ բանակցային գործընթացի ընդունիլ-չընդունելու համար կարեւոր է անոր մէջ եղած սկզբունքներու պարզաբանումը։ «Քանի դեռ Մադրիդեան սկզբունքների բոլոր պարամետրերը (շրջածիրը-Խմբ.) մեզ համար թափանցիկ չեն, մեզ համար դժուար է ասել՝ մենք դա ընդունում ենք որպէս բանակցային գործընթացի հիմք, թէ չենք ընդունում: Մենք պէտք է իմանանք, թէ ո՛ւր են տանում այդ սկզբունքները՝ տանում են մեր ուզա՞ծ տեղը, թէ այլ տեղ: Միայն այդ դէպքում Երեւանը պէտք է որոշի՝ գնա՞լ այդ ճանապարհով, թէ՝ ոչ»:
Վարչապետը նշեց, որ եթէ պարզուի, թէ տարբեր կողմեր տարբեր ուղիներով կ՛ուզեն երթալ, ուրեմն այդ կը նշանակէ, որ Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ խնդիր կայ, մէկը միւսը կը խաբէ: «Իսկ մենք չենք ուզում բանակցային գործընթացում եւ ընդհանրապէս յարաբերութիւններում որեւէ մէկին խաբել», յայտնեց վարչապետը: