ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը հաղորդեց, որ Մոսկուայի մէջ սպաննուած է Հայաստանի քաղաքացի, թայլանտական բռնցքամարտի աշխարհի եռակի ախոյեան Աշոտ Բոլեան:
Դեսպանութիւնը կապ հաստատած է Ռուսիոյ համապատասխան մարմիններուն հետ՝ Մոսկուայի մէջ հայազգի մարզիկ Ա. Բոլեանի սպանութեան դէպքին վերաբերեալ լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած տեղեկատուութեան վերաբերեալ։ Ըստ դեսպանութեան փոխանցուած տուեալներուն՝ 1979ի ծնունդ Ա. Բոլեանի դին յայտնաբերուած է 13 Նոյեմբերի երեկոյեան, Մոսկուայի հարաւ-արեւմուտքը (Նախիմովսկի պողոտայ): Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէի Մոսկուայի քննչական գլխաւոր վարչութիւնը յարուցած է քրէական գործ։
40ամեայ Աշոտ Բոլեան թայլանտական բռնցքամարտի աշխարհի եռակի ախոյեան էր Քիքպոքսինկի համաշխարհային արհեստավարժ վարկածով:
Ան կը գլխաւորէր Հայկական մարզական դաշնակցութեան համաշխարհային միութիւնը: Ան Մոսկուայի մէջ արձանագրուած «Կարատ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնն էր: