ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԲԸՄի «Հայ Կին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի կանանց նեցուկ կանգնող այս կազմակերպութեան աջակցութիւնը ցուցաբերողներուն համար կազմակերպուած եւ Գոհաբանութեան տօնին առիթով ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 23 Նոյեմբերին, կ.ա. ժամը 11էն սկսեալ։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնի սրահին մէջ (2495 E. Mountain St., Pasadena, CA 91104):
Մասնակցութեան սակը 50 տոլար է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել (626) (818) 731-5456 թիւին կամ agbuhyegeen@gmail.com հասցէին: