ՏԵՆՎԸՐ.- Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին տեղի ունեցած «Քոլորատոյի Հայեր» կազմակերպութեան 40ամեակի շքեղ տօնակատարութեան ներկայ էին առաւել քան 200 համայնքային ղեկավարներ, պետական պաշտօնատարներ, քաղաքական գործիչներ եւ համակիրներ։
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր «Էմի» մրցանակի թեկնածու հաղորդավար Քանըր Ուիսթ, որ ներկաներուն հետ կիսեց իր հայկական ինքնութեան ծալքերը։
Տօնակատարութեան գլխաւոր բանախօսն էր Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, որուն Քոլորատայի նահանգապետ Ճերըտ Փոլիս ղրկած էր նահանգին մայրաքաղաքին վրայ ծածանած ամերիկեան դրօշակ մը, որ հիւպատոսին յանձնուեցաւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Տանէա Էսկարի կողմէ։
Էսկար նախ տեղեկութիւններ տուաւ վերջերս դէպի Հայաստան կատարած իր այցելութեան մասին, որ կազմակերպուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, ապա ներկայացուց գլխաւոր բանախօսը։
Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան մեծապէս գնահատեց «Քոլորատոյի Հայեր» կազմակերպութեան երկարամեայ հայանպաստ գործունէութիւնը եւ անոր յատկանշական իրագործումները, ինչպէս՝ Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանի շրջափակին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հաստատուած խաչքար-յուշարձանը եւ հայկական վարժարանը։
Այնուհետեւ, Քոլորատայի նահանգապետ Ճերըտ Փոլիսի ներկայացուցիչ Սեմ Պահրամի կարդաց նահանգապետին հռչակագիրը, որ 2 Նոյեմբերը կը հռչակէր «Քոլորատոյի Հայեր» կազմակերպութեան 40ամեակի տօնակատարութեան օր։ Հոն նաեւ կը նշուի կազմակերպութեան եւ նահանգապետարանին միջեւ գործակցութեան արդիւնքները, որոնց շարքին են վերոյիշեալ խաչքար-յուշարձանը (2015ին) եւ նահանգին Սենթենիըլ (հարիւրամեակ) քաղաքի գլխաւոր մայրուղիներէն մէկուն մէկ հատուածը «Սարդարապատ» հայկական յիշատակի մայրուղի անուանելու քայլը (2018ին): Նշենք, որ մայրուղիին այդ չորս մղոննոց հատուածը Սենթենիըլ քաղաքը կը կապէ Օրորա քաղաքին: Երկու քաղաքներն ալ յատկանշական թիւով հայ բնակիչներ ունին:
Ապա, կազմակերպութեան հիմնադրութեան տարեդարձը շնորհաւորող եւ անոր իրագործումները դրուատող հռչակագիրներ յանձնուեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներ՝ Մայքըլ Պենեթի եւ Քորի Կարտնըրի եւ քոնկրեսականներ Ճէյսըն Քրոյի ու Ճօ Նեկուսիի ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Ապա հանդիսավար Ուիսթ ոտքի կանգնելու հրաւիրեց «Քոլորատոյի Հայեր» կազմակերպութեան անցեալի եւ ներկայ վարչութեան անդամները, որոնք արժանացան ներկաներուն ծափողջոյններուն, որմէ ետք հանդիսավարը ներկայացուց ձեռնարկին ներկայ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցչները։
Այնուհետեւ սկսաւ մեծարումներու բաժինը։
Կազմակերպութեան «Արտակարգ սպասարկութեան» մրցանակը շնորհուեցաւ Արտեմիս Տէր Պալեան Խատիուալային, որ տասնամեակներէ ի վեր սպասարկութիւններ կը մատուցէ ոչ միայն հայ համայնքին, այլ նաեւ օգնութեան ձեռք երկարած է Հայաստանի կարքիաւորներուն։
«Արտակարգ ստեղծագործութիւն» մրցանակը յանձնուեցաւ ամերիկահայ յօրինող Տենիզ Ճենթիլինիի։ Յիշեցնենք, որ «Էմի» մրցանակի արժանացած յօրինողը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով հեղինակած էր «I Am Alive» երաժշտախառն ներկայացումը, նպաստելով հայ մշակոյթին եւ Հայ Դատին մասին իրազեկման ջանքերուն։
Ապա, անակնկալ քայլով մը, «Քոլորատոյի Հայեր» կազմակերպութեան նախագահ Սոնա Հատէշեան «Արտակարգ սպասարկութեան» մրցանակ մը յանձնեց նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային հարցերու համակարգող Սիմոն Մաղաքեանին, որ կենսական դերակատարութիւն ունեցած էր յատկապէս նշեալ խաչքար-յուշարձանին եւ «Սարդարապատ» մայրուղիին անուանման ջանքերուն մէջ:
Հատէշեան նաեւ «Արտակարգ ղեկավարման» մրցանակը յանձնեց կազմակերութեան նուիրեալ անդամներէն եւ ներկայ փոխնախագահ՝ Բիւզանդ Երէմեանին, որ իրեն վերապահուած պարտականութիւններէն աւելին կատարած էր եւ կարեւոր դեր ունեցած էր յատկապէս հայկական վարժարանը մէջտեղ բերելու աշխատանքին մէջ։
Կազմակերպութեան 40ամեակի տօնակատարութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ նաեւ մրցանակներ յանձնելու հայութեան ի նպաստ գործունէութիւն տարած հետեւեալ քաղաքական գործիչներուն՝ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Տոմինիք Մորենյին («Արդարութեան ջատագով») եւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քոլ Ուիսթին («Արդարութեան ախոյեան»)։
Մրցանակներ յանձնուեցան նաեւ «Քոլորատոյի Հայեր» կազմակերպութեան նիւթապէս նեցուկ կանգնող հաստատութեանց՝ Քրիսթիանեաներուն պատկանող «Մայք՛զ Քեմրա»ին եւ «Եու.Էս.» դրամատան։
Աւարտին, Սոնա Հատէշեան յատկանշական յաջողութիւն արձանագրած գործարարներուն վերապահուած կազմակերպութեան՝ «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը յանձնեց փոքր ծաւալով եւ իւրայատուկ գարեջուրներ արտադրող Չարլի Փափազեանին, որուն շնորհիւ նահանգը վերածուած է նման արտադրութեանց կեդրոնի։ Ան նաեւ կը նկատուի գարեջուրի տնային արտադրութեանց արշաւին հայրը։ Այս առիթով, մասնագիտութեամբ հիւլէական ճարտարագէտ Փափազեան յիշեցուց, որ պատմիչ Քսենեֆոն գրած է, թէ 2400 տարի առաջ իսկ հայերը գարեջուր կը խմէին։ Ներկայիս ան նաեւ նեցուկ կը կանգնի Հայաստանի մէջ գարեջուրի իւրայատուկ արտադրութեանց զարկ տալու ջանքերուն։
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինին աւարտին, ներկաները վայելեցին «Mister X»ի, Արմէն Ղազարեանի եւ «Տի. Ճէյ.» Եդուարդ Տուտագլեանի երաժշտական կատարումները։