ՄԱՐԻՆԱ ԿՔ.
Կիրակի, 27 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Վալանսի եւ շրջակայքի Հայ մշակոյթի տան պաշտօնական բացումը՝ երեք տարի տեւած վերանորոգման աշխատանքներէ ետք:
Հանդիսութեան նախագահեց Հայ մշակոյթի տան ատենապետ Նազօ Ճինպաշեան՝ իր կողքին ունենալով Վերանորոգման աշխատանքներու յանձնախումբի անդամներ Ճորճ Աւետեանը եւ Ճորճ Իսասեանը: Վերջինս իր խօսքին մէջ ներկայացուց աշխատանքներու ծրագիրը, որ, ըստ իրեն, պիտի չիրականանար առանց պետական եւ նուիրատու անձերու առատաձեռն աջակցութեան:
Ժապաւէնը կտրուեցաւ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեամբ: Վերանորոգուած, սպիտակ հագած Մշակոյթի տան մուտքին ճերմակ քողով ծածկուած ցուցատախտակը բացուեցաւ Տրոմի նահանգապետ Հիւկ Մութուհի ձեռամբ եւ ՀՄԸՄի սկաուտական շարքի բարեւով: Իրերայաջորդ կերպով ի յայտ եկան դասարաններու եւ զանազան սրահներու ցուցատախտակները, որոնք կը կրէին Հանրի Սիրանեանի, Մարտիրոս Եազճեանի, Զաւէն Պալթայեանի եւ Գրիգոր Պապահէքեանի անունները:
Սոյն հանդիսութեան տեսերիզով ելոյթ ունեցան Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոն եւ Օվերն-Ռոն Ալփ շրջանի նախագահ Լորան Վոքիէ: Իրենց բացակայութեան պատճառն ալ այն էր, որ կը գտնուէին Հայաստան: Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանին, Արցախին, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ համայնքին:
Բարեկամութեան եւ զօրակցութեան ուղերձով հանդէս եկան Վալանսի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Վերոնիք Փիւժա, Տրոմ նախագահին տեղակալ Ֆրանք Սուլինեաք, Պուր-լէ-Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէ եւ Վալանս-Ռոման քաղաքապետական խորհուրդի փոխնախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Միրէյ Քլափօ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդական Լեւոն Ամիրջանեան եւ Տրոմի նահանգապետ Հիւկ Մութուհ:
Ըստ հայկական տնօրհնէքի աւանդութեան, Հայ մշակոյթի տունը օրհնեցին համայնքի կղերականները:
Հանդիսութեան աւարտին ՀՄՏ «Արարատ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճոխ ընդունելութիւն մը: