ՀՅԴ Բիւրոյի Հանրային կապերու գրասենեակէն կը հաղորդեն, որ Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբերին, Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Սերկէյ Սթանիշեւը ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանին։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու կուսակցութիւններու համագործակցութիւնը շարունակելու հնարաւորութիւնները։
ՀՅԴն, իբրեւ Եւրոմիութեան ոչ-անդամ եւ կամ անդամութեան թեկնածու երկրի կուսակցութիւն՝ դիտորդի կարգավիճակով անդամ է Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան։