ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Բ. Մաս
1979-80 տարեշրջանն էր: Կը յիշէինք մեծ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի խօսքերը՝ «Վայրի ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է…»:
Նորաստեղծ, սակայն տասնամեակ մը ապրած եւ օր ըստ օրէ նոր փորձառութիւններով իր կրթական հունին մէջ որոշ չափով տեղաւորուած, «մատղաշ» Փիլիպոս վարժարանը, մեծ խանդավառութեամբ կը փորձէր ծաղկիլ, բազմանալ ու դառնալ հոտաւէտ բուրմունքը զինք շրջապատող հայ գաղութիւն…
Վերոնշեալ տարին, վարժարանի բարելաւման եւ հիմնադրման 10ամեակին յիշատակութեան առիթով, պատշաճ երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ շրջանի «Ամպասատըր» հիւրանոցին մէջ, պատասխանատու մարմիններու, բարերարներու եւ դպրոցի վերելքին հաւատացող անհատներու սրտբաց նպաստներով եւ նուիրատուութիւններով, որ նաեւ դպրոցի տնտեսական խորհուրդին ջանքերով իրականացուցին նոր երազ մը՝ 1980ին, դպրոցի շրջափակին մէջ, հիմը դրուեցաւ «Աբգարեան» շէնքին…
Անհաւատալի եւ միեւնոյն ատեն խրախուսիչ էր դպրոցի տարածման ընթացքը, որ առաւել տեղ կը տրամադրէր նոր աշակերտութեան: Այս նպատակին համար գործող մարմինի վեց ամսուան անխոնջ աշխատանքով եւ հսկողութեամբ, կարճ ժամանակի մը ընթացքին, Փիլիպոսի չորս յարկանի «Աբգարեան» շէնքը՝ օժտուած 24 դասարաններով, կը հասնէր իր աւարտին, ուր նաեւ միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու կարգին, աշակերտութեան եւ անոնց զարգացման ի նպաստ հիմնուեցան արուեստի սենեակ, գիտութեան տարրալուծարան ու գրադարան մը, ու նորակառոյց շէնքը կը ստանար զարդարուն պատկեր մը՝ այս անկիւններով զարդարուն։
Այսպէս, 1981ին, դպրոցի շրջափակին մէջ զետեղուած «յետնակառք»ի աշակերտները կը փոխադրուէին վարժարանի նորակառոյց «Աբգարեան» շէնքը, բարենպաստ պայմաններով։
Նոյն տարին, իր հիմնադրման 12րդ տարեշրջանին, «Փիլիպոս»ը գաղութին կը ներկայացնէր երկրորդական բաժինի իր 24 շրջանաւարտներու առաջին փայլուն հունձքը։ Հպարտութեամբ կարելի է յիշել, թէ այդ խմբակէն 12 շրջանաւարտներ նոյն տարին կ՛ընդունուէին Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս գաւառի UCLA նշանաւոր համալսարանը:
1982ին, առաւել թափով, իր որակաւոր ուսուցիչներու, տնօրէնութեան եւ տնտեսական խորհուրդին ջանքերով դպրոցը կ՛ունենար համալսարանի պատրաստման համար ուսուցողական յառաջացած դասածրագիր մը, որով 36 յառաջադէմ շրջանաւարտներ այդ տարին կը կազմէին դպրոցին աւարտական կարգը։
1983ն էր, գաղութը աչալուրջ կը հետեւէր դպրոցի յառաջացման, «Փիլիպոս»ը կը բարգաւաճէր ու կը շարունակէր իր առաքելութիւնը։
Գիտակից ու զօրակցող էին ծնողները: Այդ տարին, յանձինս բարեգործ ծնողներու նուիրատուութեան, դպրոցը կ՛օժտուէր գիտութեան իր նոր տարրալուծարանով: Աշակերտութեան թիւը աճ կ՛արձանագրէր՝ մանկամսուրէն մինչեւ 12րդ կարգ կը հաշուէր 750 աշակերտ:
1984թ. գնահատանքի երեկոյթ մը կը կազմակերպուի՝ ի պատիւ1969 թուականէն մինչ նշուած տարին ծառայած բոլոր նուիրեալ անհատներուն եւ գործօն պատասխանատու անդամներուն.
փառացս արժանաւորաց…
Հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող ո՛չ միայն նուիրեալ եւ գործօն անհատներ, այլեւ ծնողները մեծ ներդրում ունեցած են՝ իրենց զաւակները յանձնելով հայկական դպրոցի հայեցի դաստիարակութեան, որով 1985ին աշակերտներուն թիւը կը բարձրանար 810ի, պաշտօնեաներունը՝ 45ի, եւ նոյն տարին, «Փիլիպոս»ի երկրորդականի 5րդ հունձքի պատուաբեր շրջանաւարտներուն կը թիւը կը հասնէր 140ի:
Արժանի է յիշել, որ այդ տարուան աւարտին, «Փիլիպոս»ի մէջ իր անձնուրաց աշխատանքն ու նուիրումը լաւագոյնս մարմնաւորած յարգարժան տնօրէն Յակոբ Յակոբեան, որ երկար տարիներ ծառայելով մեծ ներդրում բերած էր դպրոցին, կը հրաժարի տնօրէնի իր պաշտօնէն, դրական հետք ձգելով դպրոցի պատմութեան էջերուն վրայ։
1986-1993 տարեշրջաններուն, գաղութին հանրածանօթ դոկտ. Օննիկ Քէշիշեան կը ստանձնէ «Փիլիպոս»ի նոր տնօրէնին պաշտօնը։ Դպրոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը պահպանել եւ իրեն վստահուած արդար աշխատանքը տանիլ, յանձինս նուիրեալ ուսուցիչներու եւ պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ հայ դպրոցի սրբազան առաքելութեան հաւատացող անհատներու նիւթաբարոյական յարատեւ աջակցութեան եւ քաջալերանքին:
Նոր ժամանակաշրջանի մը հեւքով շնչող Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի պատմութիւնը կը շարունակուի: