ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Ամերիկեան եւ թրքական աղբիւրներ Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբերին հաստատեցին, թէ 13 Նոյեմբերին ծրագրուած Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Ուաշիկթըն այցելութիւնը պիտի կայանայ, հակառակ այն իրողութեան, որ շարք մը թուրք պաշտօնատարներ յայտարարած էին, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ Անգարայի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու Ներկայացուցիչներու տան անցեալ շաբթուան որոշումին իբրեւ բողոք՝ Էրտողան կրնայ ջնջել այցելութիւնը։
Այցելութեան դէմ արտայայտուած էին նաեւ շարք մը քոնկրեսականներ, ներառեալ՝ ծերակուտական Պապ Մենենտեզ։ Արդարեւ, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Մենենտենզ յայտարարեց, թէ Թրամփ պէտք է ետ քաշէ Էրտողանին յղած հրաւէրը՝ նշելով. «Թրամփի եւ Էրտողանի միջեւ Սպիտակ տան մէջ առնուելիք լուսանկարը ոչ միայն վնաս պիտի հասցնէ Սուրիոյ քիւրտերուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն, այլ նաեւ ապագայի պատերազմներու ընթացքին պիտի նուազեցնէ մեր դաշնակիցներուն վստահութիւնը Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ»՝ ակնարկելով Ամերիկայի դաշնակից քիւրտերուն վրայ Թուրքիոյ յարձակումներուն:
«Ժամանակն է ցոյց տալու Էրտողանին, որ պէտք է ենթարկուի ՆԱԹՕի արժէքներուն եւ յարգանք ցուցաբերէ միջազգային օրէնքներուն նկատմամբ», աւելցուց Մենենտեզ: