ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Գերմանաբնակ ասորիները Կիսեն քաղաքին մերձակայքը գտնուող Փոլհայմի մէջ բացումը կատարեցին յուշարձանի մը, որ նուիրուած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ասորիներուն դէմ 1915ին իրականացուած ցեղասպանութեան:
Բացման արարողութեան ներկայ եղան առնուազն 200 անձեր, ներառեալ՝ Կիսենի քաղաքապետը, որ յայտարարեց, թէ նման յուշարձաններ կարեւոր են, որպէսզի նման դէպքեր չկրկնուին: «Կը խոնարհինք այդ ժամանակաշրջանին բոլոր զոհուածներուն յիշատակին առջեւ», ըսաւ քաղաքապետը: