ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլ կը փորձեն շահագործել Իրաքի եւ Լիբանանի բողոքի ցոյցերը, սուտ տեղեկութիւններ ներկայացնելով անոնց մասին: Բանբերը նշեց, որ Իրաքի մէջ ցուցարարները տնտեսական բարեկարգումներ կը պահանջեն, եւ Պաղտատի կառավարութիւնը այդ պահանջները պատշաճ կերպով կ՛ընկալէ: Ան նշեց, որ Իրաքի կացութիւնը չափազանց կարեւոր է Իրանի համար՝ նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական եւ մշակութային կապերը:
Իր կարգին, Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ամիր Խաթամի Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ կայունութիւնը կախեալ նկատեց երկու երկիրներուն ժողովուրդներէն։ «Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումները կը նկատենք ներքին հարցեր, որոնք պէտք է դրական արդիւնքի հասնին անոնց ժողովուրդներուն դրական դերակատարութեան միջոցով», ըսաւ ան:
Իրանի պաշտպանութեան նախարարը յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ կայունութիւնը կը պահպանուի՝ կիրարկելով օրէնքը եւ ձախողութեան կը մատնուի կացութիւնը շահագործելու ու այդ երկիրներուն ապահովութիւնը քայքայելու օտարներու ջանքերը: