ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Յունաստան, Եգիպտոս եւ Կիպրոս 6 Նոյեմբերին դատապարտեցին Միջերկրական ծովուն արեւելքը եւ Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ ապօրինի գործողութիւնները:
Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար Մուհամմատ Ահմետ Զեքի, Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Սաւաս Անկելիտաս եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանակիոտոփուլոս Աթէնքի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն աւարտին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը ըսաւ. «Կը դատապարտենք նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Յունաստանի օդային եւ ջրային սահմանները խախտող, միջազգային եւ բարի դրացիական սկզբունքներուն հակասող յարձակողապաշտ արարքները»՝ աւելցնելով, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները անտեղիօրէն մարդկային նոր ճգնաժամ մը ստեղծած են, նոյն ժամանակ վնաս հասցնելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:
Նախարարները որոշած են 2020ին նախատեսուած յաջորդ եռակողմանի հանդիպումը իրականացնել Կիպրոսի մէջ: