ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին դէմ Էրտողանի քննադատութիւններուն՝ հետեւեալը գրելով. «Էրտողան Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ըսաւ. «Այս հարցը պատմաբաններուն գործն է: Այս հարցը հնագէտներուն գործն է: Այս հարցին թող քաղաքական գունաւորում չտան»: Պատմաբանները չեն կրնար առերեսուիլ այն Ցեղասպանութեան հետ, որ Թալէաթ փաշայի քաղաքական որոշումով իրագործուած է. այն, ինչը պատահած է մեծ մօրս (հօր կողմէն) հնագէտներուն հարցը չի կրնար ըլլալ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.