ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տոհայի «Qitcom Qatar It Conference and Exhibition» ցուցահանդէսի հայկական տաղաւարին մէջ 29 Հոկտեմբերին հիւրընկալուեցան Քաթարի իշխան Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանին եւ Ռուանտայի նախագահ Փոլ Քակամէն։
Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան՝ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ ներկայացնելով ցուցահանդէսէն նորութիւններ: Ըստ անոր՝ այցելութիւնը առիթ եղաւ ներկայացնելու հայկական տաղաւարը, նաեւ բարձրաստիճան հիւրերուն նուիրելու հայկական արտադրութեան Վոլթըրման (Volterman) խելացի դրամապանակներ։
Արշակեան դիտել տուաւ, որ ցուցահանդէսի հայկական տաղաւարը պատրաստ է դիմաւորելու աշխարհի չորս կողմէն ժամանած հիւրերը։ Աւելի քան 10 հայկական ընկերութիւններ միասնական տաղաւարով կը մասնակցին Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող այս ցուցահանդէսին։