ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերգէյ Շոյգուն 29 Հոկտեմբերին տեսչական ստուգում կատարեց Հայաստանի ռուսական ռազմակայանին մէջ: Ռազմական գերատեսչութեան փոխղեկավար Տիմուր Իվանով նախարարին զեկուցեց, որ Ռուսիոյ սահմաններէն դուրս տեղակայուած ռուսական բոլոր ռազմակայաններուն մէջ պիտի ստեղծուին բազմագործառոյթ մշակութային-ժամանցային կեդրոններ (ՄԺԿ):
Ըստ Իվանովի՝ 102րդ ռուսական ռազմակայանին մէջ նման կեդրոն պիտի ստեղծուի 2020 թուականին: Այդ կեդրոններուն մէջ պիտի տեղաւորուին թատերասրահներ, վարսայարդարման կեդրոններ, երեխաներու խաղավայրեր:
«Անոնք կը միտին զինուորներու ընտանիքներու անդամներու հետաքրքրութիւններու բաւարարման, անոնք կրնան ո՛չ միայն հանգստանալ այդ կեդրոններուն մէջ, այլ նաեւ ստանալ կենցաղային ու ընկերային բազմաթիւ ծառայութիւններ», ըսաւ Տիմուր Իվանով: Ան նշեց, որ շարք մը զօրամասերուն մէջ նման կեդրոններ, որոնք ստեղծուած են պաշտպանութեան նախարարութեան որոշմամբ, արդէն յաջողութեամբ կը գործեն եւ հիանալի արդիւնք կու տան: Փոխնախարարը նաեւ յայտնեց, որ 102րդ ռուսական ռազմակայանին մէջ պիտի կառուցուի մարզական համալիր՝ աթլեթի մարզարանով, լողաւազանով եւ ռազմակայանի անձնակազմի ֆիզիքական պատրաստութեան պարապմունքներու, ինչպէս նաեւ զինուորներու ընտանիքներու անդամներու մարզումներուն համար նախատեսուած այլ ենթակառուցուածքով: Անիկա կը ծրագրուի կառուցել 2021 թուականին: Բացի ատկէ, Տիմուր Իվանով զեկուցեց, որ Հայաստանի ռուսական ռազմակայանի բոլոր չորս ռազմական աւաններուն մէջ ծառայողական բնակարաններ պիտի կառուցուին զինուորներուն համար:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը Տիմուր Իվանովին յանձնարարեց օգնութիւն ցուցաբերել ռազմակայանի տարածքին մէջ գտնուող Ս. Մարտիրոս Ալեքսանդրա թագուհիի տաճարին պատմական նկարագիրի վերստեղծման եւ վերականգնողական աշխատանքներուն: