ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ 29 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերգէյ Շոյգուի գլխաւորած պատուիրակութեան դիմաւորման արարողութիւնը:
Պաշտօնական արարողութենէն ետք կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյգուի առանձնազրոյցը, որ այնուհետեւ շարունակուեցաւ ընդլայնուած կազմով՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ։
Ողջոյնի խօսքին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը բարձր գնահատեց հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութեան ընթացքը, գոհունակութեամբ ընդգծեց ռազմական եւ ռազմաարհեստագիտական ոլորտին մէջ իրականացուող համատեղ միջոցառումներու արդիւնաւէտութիւնը: Դաւիթ Տօնոյեան համոզմունք յայտնեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութեան այս այցելութիւնը նոր լիցք կը հաղորդէ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար՝ նշելով, որ իր այցելութիւնը մեկնարկած է Գիւմրիէն՝ ընդգծելով տեղի ազգաբնակչութեան բարեկամական վերաբերմունքը 102րդ ռուսական ռազմակայանի անձնակազմին հանդէպ:
Սերգէյ Շոյգուն գոհունակութեամբ արձանագրեց պաշտպանական ոլորտին մէջ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը եւ ատոնց ռազմավարական դաշնակցային բնոյթը՝ կարեւոր նկատելով մարտական պատրաստութեան, գործնական ծրագրաւորման, ռազմական կրթութեան, Ռուսիոյ 102րդ ռազմակայանի մարտունակութեան ամրապնդման եւ շարք մը այլ ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հետեւողական զարգացումը։
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային գործընկերութեան ներկայ վիճակին, փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիներու ու հեռանկարներու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցերու շուրջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ իրականացուող մարդասիրական առաքելութեան:
Այցելութեան իբրեւ արդիւնք ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններու համագործակցութեան 2020 թուականի ծրագիրը, որ կը ներառէ երկկողմանի համագործակցութեան ուղղութիւններու լայն շրջանակ: