ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ «Սմբատ Թաթոսեան» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, 28 Հոկտեմբերին Վեդիի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 129ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին խօսք առին նոյն կոմիտէի ներկայացուցիչ Սամուէլ Նահապետեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան:
Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Իշխանութեան է եկել մի ուժ, որն անցեալ տարուայ գարնանը փոփոխութիւնների արդիւնքում, ժողովրդի մեծ հաւատը, վստահութիւնն ունենալով հանդերձ, այսօր իրականացնում է ապաշնորհ քաղաքականութիւն»։
«Ցաւալի է, որ այնպիսի ամպագոռգոռ բառապաշարով են այսօր խօսում, կարծես թէ՝ եթէ իրենք չլինեն, ո՛չ արեւն առաւօտը դուրս կը գայ, ո՛չ էլ երեկոյեան մայրամուտ կը լինի, եթէ իրենք չլինէին, ապա Ազգային ժողովը չէր լինի, համայնքի ղեկավարներ չէին լինի, ընտանիքներն անգամ չէին կարող տօնակատարութիւններ նշել», ըսաւ Մինասեան:
Ի հակադրութիւն՝ ան ուշադրութիւն հրաւիրեց 129ամեայ քաղաքական ուժին վրայ, որուն անգամ հարիւրաւոր տարիքը խորհրդանշական է։ «Առնուազն եթէ 20 տարով հաշուենք վիճակագրական մէկ սերնդի գոյութիւնը՝ 7րդ սերունդն է, որ այս քաղաքական կազմակերպութիւնը կայ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ նրա հիմքում գաղափարականութիւն կայ, նրա հիմքում հայրենիքին նուիրուածութիւն կայ», յայտնեց Մինասեան։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստանը միաիշխանութեամբ ղեկավարելը ճակատագրական սխալ է: «Միատեսակ իշխանութիւն, միատեսակ խորհրդարան, միատեսակ քաղաքական դաշտ… Իսկ եթէ կը հաւատանք ժողովրդավարութեան՝ բառին բուն իմաստով, անհրաժեշտ է ներքաղաքական կեանքին մէջ եւ Ազգային ժողովին մէջ իսկական եւ ուժեղ ընդդիմութիւն ունենալ», նշեց ան։
Այսօրուան բացթողումներն ու անկարողութիւնները անցեալով արդարացնելու գործելաոճը, ըստ Մելիք Գարագաւորեանի, պէտք է դադրեցնել:
Արցախի տագնապի լուծման մէջ ներկայի իշխանութիւններուն յարափոփոխ կեցուածքը եւ յայտարարութիւնները եւս, ըստ անոր, անթոյլատրելի են։ «Մանաւանդ վերելակային, խուսափողական քաղաքականութիւնը, Արցախեան օրակարգը, ներընտրական, ներքաղաքական շահարկումներուն ծառայեցնելու սայթաքումները, որոնք դիւանագիտական հարթակին վրայ կը թուլացնեն համայն հայութեան դիրքերը, մանաւանդ՝ բանակցային դիրքերը», ըսաւ Գարագաւորեան ։
Մելիք Գարագաւորեան ըսաւ, որ ներքին եւ արտաքին զարգացումներու առումով ճակատագրական այս օրերուն, Դաշնակցութիւնը իր համահայկական եւ աշխարհասփիւռ կառոյցով, Հայ Դատի գրասենեակներով ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կորիզը հանդիսացող այսօրուան Հանրապետութիւնը՝ Հայաստանը, բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները ունենայ անվտանգութեան հզօրացման, կայունացման ու բարգաւաճման համար։