ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 29 Հոկտեմբերին ընդունեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար զօրավար Սերգէյ Շոյկուն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատեց հայ- ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւնները եւ նշեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան միջեւ յաճախակի հանդիպումները, տարբեր ոլորտներու մէջ շարունակաբար խորացող փոխգործակցութիւնը կը վկայեն հայ-ռուսական գործընկերութեան աշխոյժ զարգացման մասին: Ընդգծելով, որ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հայ-ռուսական գործակցութիւնը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման՝ Հայաստանի վարչապետը գոհունակութիւն յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական, ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան ընթացքէն եւ նշեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարին այցելութիւնը պիտի նպաստէ անոր հետագայ ընդլայնման:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին նշեց, որ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հայ-ռուսական դաշնակցային համագործակցութիւնը աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ կերպով կը զարգանայ: Սերգէյ Շոյկու գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ փոխգործակցութենէն եւ անոր հետագայ զարգացման պարունակին մէջ կարեւոր նկատեց այսօր Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններու համագործակցութեան 2020ի ծրագիրին ստորագրութիւնը:
Անոնք միտքեր փոխանակեցին հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններու զարգացման, ռազմական-արհեստագիտական ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան հետագայ խորացման, տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցերու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ իրավիճակին, որոնց կարգին՝ իրականացուող մարդասիրական հայկական առաքելութեան շուրջ: