ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոզմարի Տի Քարլօ Հայաստան այցելեց եւ տեսակցութիւններ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ ՄԱԿի միջեւ տարբեր ուղղութիւններով ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնը, որուն շնորհիւ իրականացած են բազմաթիւ կարեւոր ծրագիրներ, նաեւ մեծ փափաք կայ զանոնք աւելի գործնական ու աւելի նպատակային դարձնելու։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին կազմակերպութեան եւ անոր կառոյցներու ծիրին մէջ փոխգործակցութեան, մասնաւորաբար կայուն զարգացման եւ նորարարութիւններու ոլորտին մէջ միացեալ օրակարգի վերաբերեալ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս ընդունեց Ռոզմարի Տի Քարլոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ողջունեց անոնց այցելութիւնը Հայաստան եւ կարեւոր նկատեց Հայաստանի կառավարութեան եւ ՄԱԿի միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնը՝ տարբեր ուղղութիւններով: Վարչապետը բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող հիմնական բարեփոխումները, որոնց կարգին՝ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն ՄԱԿի կողմէ ցուցաբերուող օժանդակութիւնը՝ այդ բարեփոխումները կարեւոր նկատելով արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու իրականացման առումով: Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատակամ է հետեւողականօրէն յառաջ մղելու բարեփոխումները՝ ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման նպատակով:
ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական եւ խաղաղութեան ամրապնդման հարցերով տեղակալը ողջունեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական բարեփոխումները ու ընդգծեց ՄԱԿի պատրաստակամութիւնը՝ սերտօրէն համագործակցելու Հայաստանի կառավարութեան հետ:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան ծրագիրին վերաբերող տարբեր հարցեր:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռոզմարի Տի Քարլօ անդրադարձան ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման գործընթացին եւ կարեւոր նկատեցին բարենպաստ մթնոլորտի ձեւաւորումն ու փոխվստահութեան հիման վրայ բանակցութիւններու յառաջ մղումը: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող այլ հարցերու շուրջ: