ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին ընդունեց քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Կաս Պիլիրաքիսի համահեղինակած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը։
Բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին 405 իսկ դէմ՝ 11 քոնկրեսականներ։ Ձեռնապահ մնացին երեք քոնկրեսականներ բացակայ էին 13 ուրիշներ։
Յայտնենք, թէ Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքներու յանձնախումբը Երկուշաբթի օր հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 296 բանաձեւը քուէարկութեան դնելու որոշումը, նշելով, որ անոր քննարկումը եւ քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 29ի յետմիջօրէին։
Օրէնքերու յանձնախումբի ատենապետ Ճիմ ՄըքԿավըրն նիստը բացաւ տպաւորիչ ելոյթով մը, շեշտելով, որ թիւ 296ի բանաձեւին վաւերացումը առիթ մըն է Ներկայացուցիչներու տան, որ յստակօրէն արտայայտուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, յստակօրէն ընդունելով, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է։
Բանաձեւին ի նպաստ վկայութիւններ տուին քոնկրեսականներ Աննա Էշու, Էլիըթ Էնկըլ եւ Քրիս Սմիթ, որոնց նաեւ ՄըքԿավըրնին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Յանձնախումբը աւելի ուշ վաւերացուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու որոշումը նաեւ շեշտելով, որ զայն որեւէ ձեւով փոխելու առիթ պիտի տրուի։
Երեքշաբթի օր, Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը վաւերացուց բանաձեւը քուրակութեան դնելու յանձնախումբին որոշումը (223-191 քուէներով):
Բանաձեւը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այդ ոճիրին զոհերուն պատշաճ ոգեկոչում ապահովելու կողքին, կը շեշտէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման կտրուկ մերժումին եւ անոր դասաւանդման կարեւորութիւնը, իբրեւ նման ոճիրներու կանխարգիլման կարեւոր միջոց:
Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ նման բանաձեւեր ընդունուեցան 1975 և 1984 թուականներուն, իսկ ԱՄՆի նախագահ Ռանըլտ Ռէկընի 1981-ի պատմական յայտարարութեամբ պաշտօնապէս ճանաչում ստացաւ Հայոց ցեղասպանությունը: Յուսանք որ այս անգամ իսկապէ՛ս արժէք կ’ունենայ այս բանաձեւը: