ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կազմակերպութեամբ, երաժշտական իւրայատուկ երեկոյ մը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306), մասնակցութեամբ՝ «The Secret Trio» («Գաղտնի Եռեակը»՝ Արա Տինքճեան, Իսմալիլ Լումանովսքի եւ Թամեր Փինապաշի) եւ «String Harmonies» («Լարայաին Ներդաշնակութիւններ»՝ Անդրանիկ Քզիրեան, Երուանդ Գալաճեան եւ Վիգէն Մոմճեան) նուագախումբերուն։
Մասնակցութեան սակերը 50, 75 կամ 100 տոլար են։ Տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել (818) 216-8398, (213) 280-0004 կամ (818) 613-3186 թիւերուն։