ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին եւ համալսարանի Բարոյագիտութեան կեդրոնին համատեղ ջանքերով, դոկտ. Ումիթ Քիւրթ, Ուրբաթ, 8 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, հանրային դասախօսութիւն մը պիտի տայ՝ «Երիտթուրքերը. Ազգայնամոլութիւն եւ ազգային ինքնութեան կառուցումը» նիւթով։
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191): Ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար պահել P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ:
Դոկտ. Ումիթ Քիւրթ ուսումնասիրած է յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին հայերէն կալուածներու բռնագրաւման ծալքերը եւ մասնագիտացած է Հայոց Ցեղասպանութեան, զանգուածային բռնարարքներու, հարստութեանց փոխանցումներու, տեղական վերնախաւերու, թուրք ազգայնականութեան եւ Այնթապի հայութեան պատմութեան մարզերուն մէջ: Դոկտ. Քիւրթ 2016ին դոկտորի կոչում ստացած է «Քլարք» համալսարանէն եւ հեղինակն ու համահեղինակն է շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու եւ հատորներու, ինչպէս նաեւ խմբագրած է մասնագիտական թերթեր:
Դասախօսական ձեռնարկին մուտքը ազատ է։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: