ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբերի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մշակոյթին նուիրուած երեկոյ մը, որուն ընթացքին ճոխ յայտագիրով եւ հայկական զանազան ներկայացումներով հանդէս եկան վարժարանի բոլոր աշակերտները, ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան եւ մեծ թիւով ծնողներու:
Յայտագիրին բացման խօսքը կատարեց 12րդ կարգէն Էնթընի Արոյեան: Ան հակիրճ ակնարկ մը կատարելէ ետք, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ մշակոյթի պահպանման անհրաժեշտութեան:
Ապա յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան 6րդ կարգէն մինչեւ 12րդ կարգի աշակերտները, որոնք կատարեցին՝ «Մենք հայեր ենք», «Անուշ հայրենիք», «Իմ Ղարաբաղ», «Հայաստանի ծով գինին», «Նազան իմ եարը», «Բարի արագիլ», «Ղարաբաղցին» եւ «Հայաստան» երգերը եւ արտասանեցին՝ «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը, ինչպէս նաեւ պարեցին «Ղափամա», «Զարթօնք», «Հայեր», «Լորքէ» եւ «Իմ Հայաստան» պարերը, փոխանցելով հայ մշակոյթի ջերմ շունչը ու ոգին ներկայ ծնողներուն։
Յայտագիրի աւարտին, բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան, որ բարձր գնահատեց վարժարանի Հայկական բաժանմունքի աշխատանքները հայ մշակոյթին նուիրուած այս ճոխ յայտագիրին համար եւ սրտի գոհունակութեամբ ներկայացուց վարժարանին աշակերտները, որոնք պիտի դառնան ապագայի մեր սերունդը:
Յայտագիրին կողքին, շրջափակին մէջ կային կրպակներ, որոնք լեցուն էին հայկական ձեռային աշխատանքներով, որոնց մէկ մասը պատրաստած էին վարժարանի աշակերտները, ինչպէս նաեւ հայկական ճաշեր, որոնց պատրաստութիւնը ստանձնած էր վարժարանի ծնողական յանձնախումբը:
Երեկոն անցաւ ուրախ, ճոխ եւ հայը քիչ մը աւելի հայացնող մթնոլորտի մը մէջ: