ՀԱԼԷՊ.- Կիրակի, 13 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) 100 եւ «Մեղրի» մասնաճիւղի 90 ամեակներու յոբելենական հանդիսութիւնը Քեսապի «Սարդարապատ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Քեսապի հոգեւոր հայրերուն, վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեանի, ՍՕԽի Շրջանային վարչութեան անդամներու, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, ՀՅԴի, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ քեսապահայ հոծ բազմութեան:
Օրուան հանդիսավար Յասմիկ Սաղտճեան ներկաները հրաւիրեց ՍՕԽի քայլերգով սկսելու հանդիսութիւնը եւ մէկ վայրկեան ոտնկայս լռութեամբ յարգելու մեզմէ առյաւէտ բաժնուած խաչուհիներուն յիշատակը:
Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Լնդեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՍՕԽի հիմնադրութեան՝ ըսելով. «1919ին սուրիական հիւրընկալ հողին վրայ, իբրեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան մէկ միաւոր, ծնունդ առաւ ՍՕԽը՝ ազգանուէր միութիւն մը, որ խորհրդանշեց հայ ազգին վերածնունդը, դրսեւորելով հայ կնոջ նուիրումի ու ծառայասիրութեան ոգին»:
Անդրադառնալով Քեսապի «Մեղրի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան՝ ան աւելցուց. «ՍՕ Խաչէն ծնունդ առած մեր մասնաճիւղը այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 90ամեակը: Ունենալով «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսը՝ մասնաճիւղս կը գործէ եւ կը շարունակէ իր աննահանջ երթը գիւղիս հայ կեանքին մէջ՝ իր մասնակցութիւնը բերելով ազգային, եկեղեցական տօներու վերարժեւորման, նորահաս սերունդի հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան ազգանուէր գործին մէջ»:
Օրուան բանախօսը՝ դոկտ. Շողեր Աշըգեան, ներկայացուց ՍՕԽի պատմականը՝ սկսելով ծնունդէն, որ ժամանակի հրամայականին արդիւնքն էր՝ հասնիլ հիւանդին, չքաւորին, Եղեռնէն վերապրած գաղթականներուն ծով կարիքը հոգալու: Ան մանրամասնութիւններով յիշեց այս հզօր միութեան բազմաշերտ եւ բազմածաւալ գործունէութիւնը, անխոնջ հետեւողականութիւնը եւ անսակարկ նուիրումը, ինչպէս նաեւ անոր 100 տարիներու վրայ երկարող անփոխարինելի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
ՍՕԽի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մէկ դար ժողովուրդին ծառայելու համար ստեղծուած բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը ՀՕՄի գլխաւորութեամբ տարածուած է երկրագունդի բոլոր կողմերը եւ իր աշխատանքով ինքզինք հաստատած»:
Ընկերուհին շնորհաւորեց զոյգ ամեակները եւ մաղթեց, որ ՍՕԽը միշտ կանգուն մնայ իր եզակի առաքելութեամբ եւ լոյսի փարոս դառնայ նոր սերունդներու միտքի պայծառութեան:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նորագիր անդամուհիներու երդման արարողութիւն, վերջին տասնամեակին վարչական պաշտօն վարած եւ առաքելանուէր ծառայութիւն ունեցած անդամուհիներու պարգեւատրում, ինչպէս նաեւ ՍՕԽի շարքերուն մէջ 50 եւ աւելի տարիներու անձնուրաց ծառայութիւն ունեցող անդամուհիներու պարգեւատրում ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պատրաստուած գնահատագիրներով:
(Թղթակից)