ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Բիւրոյի մամլոյ դիւանի անդամ Արտաշէս Շահբազեան Ազգային ժողովի բակին մէջ տեղադրուած յուշակոթողին մօտ, 27 Հոկտեմբերի զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք «Երկիր»ի թղթակիցին հետ զրուցին ընթացքին ըսաւ. «Փորփրել, անդրադառնալ Հոկտեմբերի 27ի հարցին կարելի է միայն այն դէպքում, եթէ ունենք նոր հիմքեր, բացայայտուել են նոր հանգամանքներ»։
Ան նշեց, թէ չէր փափաքեր, որ այս պետութեան համար վաստակ ունեցողներուն անունները ի զուր շահարկուէին կամ անոնց անունները մէջտեղ բերելով՝ փորձ կատարուէր նեղ, մանր հարցեր լուծելու:
«Հարուած հայ ժողովրդի ու պետականութեան թիկունքին», Հոկտեմբեր 27ի ոճիրը բնութագրելով՝ ըսաւ Արտաշես Շահբազեան:
«Ես չափազանցուած չեմ համարում այս միտքը, որովհետեւ այն քաղաքական դասաւորութիւնը եւ այն քաղաքական ուժերը, որ կային՝ իրենց կենսագրութեամբ, իրենց վաստակով Հայաստանը նոր օրով շարունակելու նախադրեալներ էին ստեղծում», նշեց ան:
Արտաշէս Շահբազեան նկատել տուաւ, որ նախքան ոճիրը ստեղծուած իրավիճակը մեր ժողովուրդին համար արդիւնաւէտ ժամանակահատուած էր. «Եւ այս հարուածը եկաւ ու ամէն ինչ խորտակեց»: Թէեւ պետութիւնը դիմադրեց այդ դժուարին փորձութեան, բայց, ըստ անոր, այսօր ալ հարցին պատասխանները ամբողջութեամբ չեն տրուած։ «Եւ մեզ մօտ վէրքն այդ իմաստով մնում է ոչ ամբողջովին ամոքուած», ըսաւ Շահբազեան:
Ծայրայեղութիւններու մէջ իյնալը եւ շահարկումներ կատարելը, ըստ անոր, արդարացուած չեն: «Կան բարոյական կարմիր գծեր, որոնք շատ աւելի կարեւոր են, քան միւս կարմիր գծերը եւ այդ կարմիր գծերը չպէտք է անցնել», յայտնեց ան:
«Հոկտեմբերի 27ի զոհերի յիշատակը մեզ համար կարեւոր է, վառ է, գուցէ պատմութիւնը ինչ-որ ժամանակ աւելի մեծ բացայայտումներ անի, բայց մենք, յարգելով եւ ցաւի կշիռը գնահատելով, երբեք այս հարցերը չպէտք է շահարկենք: