Հայաստանի մէջ սկսած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 129ամեակին նուիրուած ձեռնարկները:
Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ընտանիքն է, ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանը 26 Հոկտեմբերին, Արթիկի Տիգրան Մանսուրեանի անուան մշակոյթի տան դահլիճին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին:
«Դաշնակցութիւնը երիտասարդներու ընտանիք է, որովհետեւ անիկա արժեհամակարգ է, ուր ազգային մտածողութիւն ունեցող իւրաքանչիւր երիտասարդ ինքզինք կը տեսնէ իբրեւ կարեւորագոյն դերակատար:
«Դաշնակցութիւնը մեր ծնողներու ընտանիքն է, որովհետեւ կը պաշտպանէ աւանդական ընտանիքը:
«Դաշնակցութիւնը նաեւ մեր հոգեւոր ընտանիքն է, որովհետեւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ պաշտպանն ու յառաջամարտիկն է՝ ռազմի դաշտին եւ քաղաքացիական կեանքին մէջ: Ու պատահական չէ, որ այսօրուան այս դժնդակ օրերուն ՀՅԴն հանդէս կու գայ մեր աւանդական արժէքները պաշտպանելու դիրքերէն», ըսած է ան:
Նաեւ աւելցուած է, որ ՀՅԴն կը մերժէ որեւէ վարքագիծ, որուն նպատակը այս արժէքներուն հարուած հասցնելն է:
«Մենք կը մերժենք որեւէ համաձայնութիւն, որ ուղղուած է Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան դէմ: Մենք կողմ ենք համախմբման, մենք կողմ ենք մեր ուժերը մէկտեղելով՝ կերտելու մեր երազանքներու Հայաստանը: Եւ հետեւաբար այսօր եկած է ժամանակը, որ այս 129ամեայ բարձունքէն, այս 7 սերունդներու պայքարէն ետք մենք արժեւորենք, գիտակցինք ու հասկնանք, որ ՀՅԴն հայ ժողովուրդի ընտանիքն է, իւրաքանչիւր հայու նուիրական երազանքներու միջոցն է. ուրեմն ուշ չէ նաեւ այն օրը, երբ ՀՅԴի տարեդարձը պէտք է նշուի նաեւ պետականօրէն՝ ձեր բոլորին մասնակցութեամբ եւ ձեր բոլորին իշխանութեամբ», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:
Ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ ՀՅԴ Արթիկի «Թաթուլ Կրպէեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Մհեր Մելքոնեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան: