ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը հանրային քննարկման ներկայացուց նախագիծ մը, որով կ՛առաջարկուի 23 համայնքներու միաւորման իբրեւ արդիւնք ձեւաւորել 3 խոշորացուած համայնքներ: Այս մասին հաղորդեց «e-draft իրաւական ակտերի, նախագծերի հրապարակման» միասնական կայքը:
Նախագիծով նախատեսուած է ձեւաւորուել հետեւեալ համայնքային փունջերը՝ Հայաստանի Լոռիի մարզի Լերմոնտովօ՝ Լերմոնտովօ, Անտառաշէն, Կոտայքի մարզի Քասախ՝ Քասախ, Պռոշեան, Հայաստանի Տաւուշի մարզի Իջեւան՝ Իջեւան, Ազատամուտ, Ակնաղբիւր, Աճարկուտ, Այգեհովիտ, Աչաջուր, Բերքաբեր, Գանձաքար, Գետահովիտ, Դիտաւան, Ենոքաւան, Լուսահովիտ, Լուսաձոր, Խաշթառակ, Ծաղկաւան (Իջեւանի շրջ.), Կիրանց, Սարիգիւղ, Սեւքար, Վազաշէն:
«Այսպիսով, առաջարկուող ծրագրերում ներգրաւուած է լինելու 23 համայնք, որոնց միաւորման արդիւնքում ձեւաւորուելու է 3 համայնք: Տաւուշի մարզում համայնքների միաւորման գործընթացը կ՛աւարտուի», նշուած է նախագիծին մէջ:
«Տեղական ինքնակառավարման մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նպատակն է միաւորուող համայնքներու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու լիազօրութիւնները դադրեցնել եւ միաւորուած համայնքներու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու լիազօրութիւններու ստանձնման ժամկէտներուն վերաբերեալ օրէնքով տալ իրաւակարգաւորումներ:
Կը կարգաւորուի նաեւ Գեղարքունիքի մարզի Գեղամասար համայնքի կեդրոնը Սոթք բնակավայրէն Գեղամասար բնակավայր տեղափոխելու հարցը, ինչ որ պայմանաւորուած է վերջին երկու տարուան ընթացքին համայնքի բնակչութեան եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններէն ստացուած բազմաթիւ դիմումները վերլուծելու եւ իբրեւ արդիւնք համայնքային կեդրոնը Գեղամասար բնակավայր տեղափոխելու հարցին ընդառաջելու հանգամանքով: