Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբերի երեկոյեան, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը երախտագիտական երեկոյ մը կազմակերպած էր ՀՄԸՄի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ, ի պատիւ վաստակաշատ ՀՄԸՄական Վիգէն Դաւիթեանի, գնահատելու համար անոր ութ տարիներուն բեղուն գործունէութիւնը ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմին մէջ, ուր ան իր օգտակար ներդրումը բերած է աշխարհատարած ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի զարգացման եւ յառաջընթացի գործին:
Կարեւոր այս նախաձեռնութեան ներկայ գտնուելու եւ մեծարեալին իրենց յարգանքը մատուցելու համար, սրահ ներկայացած էին ՀՄԸՄի անցեալի Շրջանային վարչութեանց ատենապետներ, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ, մասնաճիւղերու վարչութեանց անդամներ եւ բազմաթիւ հիւրեր, որոնց կարգին նաեւ ՀՄԸՄի բարերար Ալիս Անտոնեան:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Րաֆֆի Վարժապետեան, որ բացատրելով ձեռնարկին կազմակերպման նպատակը՝ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, որոնք, ընդառաջելով Շրջանային վարչութեան հրաւէրին՝ եկած էին իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու այն եղբօր, որ բոլոր մակարդակներու վրայ իր օգտակար ներդրումը բերած է կազմակերպութեան, որուն անդամն է առաւել քան քառասուն տարիներ:
Ապա, ան բեմը յանձնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեանին, որ հրաւիրելով Դաւիթեանը՝ Շրջանային վարչութեան անունով գնահատագիր մը յանձնեց անոր, առ ի երախտագիտութիւն իր միութենական օրինակելի կեցուածքին, զոհողութիւններուն եւ նուիրումին:
Ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ եւ երկարաշունչ ծափողջոյններով իրենց յարգանքը յայտնեցին մեծարեալ եղբօր: Ապա, հերթաբար ելոյթ ունեցան եւ Վիգէն Դաւիթեանի ՀՄԸՄականի վաստակն ու գործունէութիւնը դրուատեցին՝ Ռուբիկ Գիւրջեան, Արմէն Աբրահամեան, Մհեր Դաւիթեան, Սարօ Ղազարեան, Սերճիկ Կրագասեան եւ Վազգէն Գալայճեան: Նաեւ ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետ Սարօ Ղազարեան իր մասնաճիւղին անունով գնահատագիր մը յանձնեց մեծարեալ եղբօր:
Մեծապէս ազդուած տիրող յարգալիր մթնոլորտէն, իր սրտի իր խօսքը փոխանցեց Վիգէն Դաւիթեան: Ան յուզումնախառն զգացումներով յայտնեց, թէ նման գնահատանքի մը չէր սպասեր, որուն համար շնորհակալ է: Ան նաեւ յստակացուց, թէ սոյն գնահատանքով ՀՄԸՄական իր գործունէութիւնը վերջ չի գտներ: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց վերադառնալու իր մասնաճիւղը եւ իբրեւ հաւատաւոր ՀՄԸՄական, շրջանին մէջ շարունակելու իր միութենական գործունէութիւնը մասնաճիւղային եւ շրջանային մակարդակներու վրայ:
Երեկոյի պաշտօնական յայտագիրի աւարտէն ետք, ներկաները առիթը ունեցան իրենց ՀՄԸՄական գեղեցիկ յուշերը վերապրելու եւ քաջալերական գեղեցիկ խօսքեր փոխանցելու մեծարեալ եղբօր:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ ուշ երեկոյեան. մասնակցողները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, իրենց հետ տանելով այն բոլոր գեղեցիկ յուշերը, որոնց բաժնեկից դարձած էին մեծարեալ Վիգէն Դաւիթեանի հետ:
ԱՐԵՆՈՒՇ