ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Բարերար Գէորգ Արապեան, որուն իշխանական նուիրատուութեամբ ճամբայ ելած էր Վալանսի Ֆրանքեւհայկական ամէնօրեայ դպրոցի ծրագիրը, 50,000 եուրոյի նոր նուէր մը կատարեց:
Այսպէսով, Գէորգ Արապեան ընդհանուր առմամբ 800,000 եուրօ նուիրած կ՛ըլլայ դպրոցին, որ պիտի կրէ իր անունը եւ որուն բացումը նախատեսուած է Սեպտեմբեր 2020ի վերամուտին: