Պատրաստուիլ ու վերապատրաստուիլ… ապա լիցքաւորուիլ՝ նոր տարեշրջանի կրթական յաջող ընթացքի մը համար:
Այս եղած է խթանող նպատակը, որուն շնորհիւ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը կրթական տարեշրջանի առաջին քառորդին, 18 տարիներէ ի վեր կազմակերպած է ուսուցիչներու վերապատրաստման տարեկան միօրեայ սեմինարը:
Ուսուցչութիւնը աշխարհի ազնուագոյն մասնագիտութիւններէն մէկն է, եթէ ոչ ազնուագոյնը, նաեւ բոլոր մասնագիտութիւններու կերտիչը: Իսկ ուսուցիչը բոլոր ժամանակներուն ալ եղած է լուսաւորութեան առաջին կայծը: Ան ամբողջական նուիրումով լծուած է դաստիարակութեան եւ կրթական ազնիւ գործին՝ իբրեւ համեստ մշակ: Հետեւաբար, իր ծառայութիւնը կատարելագործելու համար անհրաժեշտ է անոր ամբողջական պատրաստութիւնը եւ յաճախակի լիցքաւորումը, որ կը կատարուի նման սեմինարներու ընդմէջէն:
Այս տարի եւս Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի կազմակերպած հայ վարժարաններու ուսուցիչներու տարեկան վերապատրաստման սեմինարը մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր, 2019ին, առաւօտեան ժամը 8:30էն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը 2:30 Ֆերահեան Ազգային վարժարանին մէջ:
Սեմինարին կը մասնակցէին առաւել քան 400 կրթական մշակներ Ազգային եւ հայկական տարբեր վարժարաններէ եւ ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններէն:
Օրուան հանդիսաւոր բացումը կատարեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իր հայրական աղօթքով ու պատգամով: Ներկայ էին առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան եւ Խնամակալ մարմինի անդամները:
Սրբազան հայրը իր օրհնութեան աղօթքով դիմեց բոլորին, սեմինարին կարեւորութիւնը շեշտեց, գնահատեց կազմակերպող մարմինը եւ կրթական ասպարէզի նուիրեալ հերոսները, որոնց ներկայութիւնը խօսուն փաստն է հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտին հանդէպ իրենց ունեցած անսահման նուիրումին:
Բացման խօսքը եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Խնամակալ մարմինի ժրաջան ատենապետ Լիզա Կապուտեան: Ան խոր յարգանքով դիմեց բոլոր դաստիարակներուն, որոնք վսեմ առաքելութեան մը հեղինակներն են հայ վարժարանին մէջ: «Հաւաքուած ենք տարին մէկ անգամ միասնաբար սորվելու, իրար հետ բաժնելու մեր ունեցած գիտելիքները եւ փորձելու լուծումներ գտնել ամերիկահայ աշակերտին դիմագրաւած ուսումնական, հայեցի դաստիարակութեան եւ ընկերային արժէքներու իւրացման մարտահրաւէրներուն, անշուշտ, հաւատալով, որ այն, ինչը պիտի լսենք այսօր, անպայմանօրէն պիտի օգտագործենք մեր դասարաններուն մէջ»: Ան աւելցուց, թէ 21րդ դարու աշակերտին հասնելու համար, ուսուցիչները շատ կարեւոր մարտահրաւէներու առջեւ կը գտնուին, ոչ միայն ազգային կամ տեղական մակարդակով, այլ՝ միջազգային առումով: Այս իսկ պատճառով, մեր ուսուցիչները պէտք է զինուած ըլլան՝ դիմակայելու մարդկային եւ ազգային ապագան, որ այսօր իրենց ձեռքերուն ու դասարաններուն մէջ կը գտնուի:
Այս տարուան համար կառոյցային որոշ փոփոխութիւն մը կատարուած էր ներկայացումներու պարագային: Դասախօսական առաջին երկու բաժիններուն համար հրաւիրուած էին տարբեր բնագաւառներէ մասնագէտներ: Անոնք հանդէս եկան տարբեր նիւթերով, ինչպէս՝ գիտական, լեզուական, հոգեբանական, մարզական, ստեղծագործական գրականութեան եւ երեւակայութեան բնագաւառներուն մէջ: Դասախօսները իրենց կարելին ըրին՝ օգտակար դառնալու ուսուցիչներուն եւ արժանացան անոնց բարձր գնահատանքին:
Անոնք առիթը ունեցան ուսուցիչներուն, տնօրէններուն եւ դաստիարակներուն հետ մտերմաբար խօսելու ու սերտելու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր մեթոտներ ներկայացուցին անոնց, որպէսզի անոնք կարենան ներգրաւել Ամերիկայի մէջ ապրող եւ արհեստագիտութեան բոլոր նորարարութիւններով յագեցած իմաստուն հայ աշակերտը: Ապա օրուան երրորդ մասով ուսուցիչները բաժնուեցան իրենց դասարանային եւ մասնագիտական շերտաւորումներով: Անոնք՝ իբրեւմասնագէտներ, իրարու փոխանակեցին եւ քննականօրէն սերտեցին հնարաւոր ու ազդեցիկ միջոցները եւ ուղղորդուած զրոյցներով ու համադրող ուսուցիչի մը ղեկավարութեամբ փորձեցին լուծումներ գտնել իրենց առօրեայ կրթական դժուարութիւններուն:
Ճաշի դադարէն անմիջապէս ետք, Հայ Դատի յանձնախումբի երիտասարդ եւ գործօն դէմքերէն Արսէն Շիրվանեան կարճ ներկայացում մը կատարեց 2020ին տեղի ունենալիք Ամերիկայի մարդահամարի մասին: Արսէնը շեշտեց, թէ չափազանց կարեւոր է մարդահամարի թերթիկին անմիջապէս պատասխանելը, անշուշտ, նշելով ինքնութիւնը՝ իբրեւ ՀԱՅ: Այսպիսով, մեր գաղութը հսկայական ներոյժ կ՛ունենայ թէ՛ քաղաքական հարթակի վրայ եւ թէ նիւթական նպաստներու կամ ֆինանսաւորումի իմաստով:
Օրուան աւարտին, բոլոր ուսուցիչները իրենց անձնական կարծիքները յայտնելու համար անանուն հարցաթերթիկներ լրացուցին եւ շինիչ առաջարկներ յայտնեցին ապագային լաւագոյնս կազմակերպելու համար սեմինարները:
Խնամակալ մարմինը կը հաւատայ, որ նման մասնագիտական առիթները ուսուցչական կազմերուն յառաջադիմութեան կռուաններն են: Իւրաքանչիւր մասնագիտական ոլորտ յառաջանալու եւ վերապատրաստուելու անխտիր կարիքը ունի: Յատկապէս ուսուցչական ասպարէզը ա՛յն կոչումը եւ առաքելութիւնն է, որ առանց մշտանորոգ ուժի ու կորովի կը դադրի կրթական համակարգին ծառայելէ:
Այսօր, երբ ուսուցիչը իր դասարանին մէջ ունի ճարտար եւ ուշիմ աշակերտներ, իրենց ուշիմ սարքերով, բացարձակապէս իրաւունք չունի աշակերտներէն նուազ պատրաստուած ըլլալու:
Ուրեմն, սիրելի՛ ուսուցիչներ, առաւել զարգանալով եւ առաւելագոյնս հասկնալով ձեր խնամքին յանձնուած մատղաշ սերունդը, համարձակօրէն կրթեցէք ու դաստիարակեցէք ապագայի ինքնավստահ հայ սերունդը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ