ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Գործուած սխալի մը չափը՝ այսինքն տարողութիւնը կամ տեսակը միշտ նկատի կ՛ունենան մարդիկ, անոր համապատասխան տուգանք կամ պատիժ ակնկալելով իրաւապահէն կամ վրէժխնդրութիւն՝ տուժող կողմէն: Ոմանց կարծիքով գործուած սխալ մը, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր տարողութիւնը կամ տեսակը՝ սխալ է: Այսինքն անոնց համոզումով, սխալներուն միջեւ խտրութիւն չկայ: Մեծ կամ փոքր սխալներ չկան: Սխալը սխալ է, այնքան ատեն որ սխալ է, գործուած ուրիշին դէմ, ըլլայ ատիկա մարդ կամ իր:
Ամէն մարդու կողմէ ընդունուած հաստատումը կրնանք այստեղ մենք ալ կրկնել, թէ անսխալական մարդ գոյութիւն չէ՛ ունեցած ցարդ, հիմա՛ ալ չկայ աշխարհի երեսին, ո՛չ ալ ապագային պիտի ըլլայ: Ամէն մարդ սխալական է: Ոմանք երբ տեսնեն շատ իմաստուն մարդ մը, իրենց այնպէս կը թուի, թէ այդ մարդը բնաւ չէ՛ սխալած կամ չի՛ սխալիր: Ունկնդիրները հմայուած անոր հեղինակաւոր խօսքէն, խիստ տրամաբանական արտայայտութիւններէն, երբեմն ճարտասանական շքեղ լեզուէն ու հռետորաբանութենէն, անկարելի կը գտնեն անոր սխալած ըլլալը կամ հետագային որեւէ սայթաքումի հնարաւորութիւնը: Սակայն պէտք չէ՛ մոռնալ վերի հաստատումին ընդհանրական բնոյթը, թէ ամէն մարդ սխալական է, այսինքն անսխալական մարդ չկայ: Ուրեմն իմաստունն ալ կը սխալի, սակայն ո՛չ այն յաճախականութեամբ, որ սովորական մարդիկ կը սխալին, այլ հազարէն մէկ:
Սխալի մը համար կատարուած անդրադարձը կամ զղջումը վերստին ոտքի կանգնելու առաջին իսկ քայլն է: Կեանքը վերիվայրումներ ունի անկասկած, եւ իւրաքանչիւր սխալ բնականաբար դաս մը կու տայ սխալը գործողին: Ոմանք չեն կրնար որոշել, թէ մեր սեփական անձի՞ն դէմ գործած սխալը աւելի ծանրակշիռ է, թէ՞ մեր կողմէ ուրիշին դէմ գործուածը: Երկու պարագաներուն ալ մենք ենք սխալը գործողը, սակայն առաջին պարագային զոհը ուղղակի մենք ենք, իսկ միւսին զոհը՝ ուրիշը:
Մենք մեզի վնաս կը պատճառենք տարբեր ձեւերով: Մոլութիւնները ինքնաբերաբար կը մղեն մեզի, որ մեր անձին դէմ պատերազմ հռչակենք: Պատերազմներու ընթացքին միշտ զոհեր կ՛իյնան երկու կողմերէն, թէ՛ զօրաւոր կողմէն եւ թէ տկար: Այս «պատերազմ»ի ընթացքին սակայն, միայն մէկ կողմէն զոհեր կ՛արձանագրուին, եւ այդ ալ մենք ենք, մեր առողջութեամբ, մեր պատուով, մեր նկարագիրով, մեր բնաւորութեամբ եւ դեռ ինչքա՜ն առաքինութիւններով, որոնք իբրեւ թանկարժէք քարեր զարդարած էին մեր գլխուն թագը՝ աստուածային պատկերով ստեղծուած ըլլալու մեր առանձնաշնորհն ու փառքը: Ոմանց կարծիքով, այնքան ատեն որ ուրիշին վնաս չենք հասցներ, այսինքն մեր սեփական անձն է միայն վնաս կրողը, ուրեմն յանցանք մը չունինք, քանի որ մենք ենք մեր անձին տէրն ու պատասխանատուն: Շատ սխալ եւ անփոյթ մօտեցում է այս, բարոյագիտական ակնոցով դիտուած: Աստուծոյ պարգեւն է մարդ ինքը: Մեր մարմինը մեզի տրուած աւանդ է, անոր մէջ մտնելով զայն պահելը իր մաքրամաքուր բարձրութեան վրայ, մինչեւ անոր հողայնական ճակատագիրին դարձը: Մոլութիւնները շատ հեշտ բոյն կը դնեն մեր մէջ, սակայն շատ դժուարաւ կը յաջողինք ձերբազատիլ անոնցմէ: Ոմանք գաւաթ մը սուրճի չափը չեն յաջողիր իր սահմանին մէջ պահել, մինչեւ որ բժշկական արգելքով ամբողջովին կը զրկուին այդ հաճոյքէն: Նոյնն է պարագան նաեւ այլ հաճոյքներու, որոնք իրենց չափաւորութեան սահմանէն դուրս գալով կը վերածուին մոլութեան:
Մարդը ունի իր անձին վնասելու եւ զայն մինչեւ մահուան դուռը հասցնելու բազմաթիւ այլ ձեւեր, որոնք մոլութիւններու ամէնէն տկար աստիճանէն կը բարձրանան մինչեւ վատթարագոյնը: Անոնց վերջակէտը անձնասպանութիւնն է: Մոլութիւններու տիղմին մէջ թաւալող եւ կամ բարոյական սայթաքումներու զոհ մարդը իբրեւ վերջին ապաստան կը մտնէ այս մութ փապուղիէն ներս, կարծելով որ այնտեղ պիտի կարենայ հանգչեցնել իր տառապակոծ մարմինը, չարչրկուող միտքն ու տանջահար հոգին: Անձնասպանութեան դիմող անձը չի՛ գիտեր սակայն, որ իր արարքը վերջակէտ մը չէ՛, այլ դատապարտութեան ճամբու մը սկիզբը միայն: Ճամբայ մը, որ զինք պիտի առաջնորդէ դէպի այն ատեանը, ուր պատասխան պիտի տայ իր անձը մսխած ըլլալուն եւ աստուածատուր առաքինութիւնները յում պէտս վատնած ըլլալուն համար: Աւելին, անձնասպանութեան դիմած անձը չի՛ կրնար գիտակցիլ այլեւս, թէ անդունդի եզրին իր հասած ըլլալը ուրկէ սկիզբ առած էր: Աւարտած ժամանակը առիթ չի՛ տար իրեն անդրադառնալու, որ թերեւս մէկ փոքր սխալէ սկսած էր այդ ամբողջը եւ ձիւնագնդակի պէս կուտակուելով՝ ինկած էր իր գլխուն: Ուրեմն, պէտք է գիտակցիլ, որ մեր կեանքը դաժան աւարտի մը հասցնելու համար կարիք չունինք բազմաթիւ սխալներ գործելու. երբեմն մէկ փոքր սխալը ինք պատճառ կը հանդիսանայ մեր կործանման:
Մեր կողմէ մեր նմանին դէմ գործած սխալներն ալ երբեմն մէկ սխալի կիրարկումով կրնան սկսիլ եւ այնքան կուտակուիլ, որ անսպասելի արդիւնքի հասնին մեր փոխյարաբերութիւնները տուեալ անձին հետ: Ձեռքի ուժին կիրառումը շատ աւելի ուշ գործադրուող միջոցն է ընդհանրապէս, նոյնիսկ սկիզբէն իրարու հետ անհաշտ մարդոց միջեւ: Աշխարհը քաղաքակրթուած միջավայր կը համարուի ներկայիս, եւ սերունդները ընդհանրապէս ուսեալ ու կրթուած են: Ըստ երեւոյթին գեթ այսպէս է իրավիճակը: Նախ վիճաբանութիւնը կամ լեզուակռիւը ի գործ կը դրուի, ապա երբ կիրքերը բորբոքին եւ կացութիւնը վատթարանայ, ձեռքի ուժի միջամտութիւն տեղի կ՛ունենայ:
Յառաջատուական այս ընթացքը ե՛ւս ապահով չէ կողմերը հաշտութեան հրաւիրելու իմաստով: Բարկութեան եւ ապա զայրոյթի աստիճանաչափը շատ շուտով մագլցում կ՛արձանագրէ, հակառակախօսութեան պարզ արար մը յանկարծ վերածելով սպանութեան տխուր տեսարանի:
Թումանեանի «Մի Կաթիլ Մեղր» հեքիաթը սերունդներու դաստիարակը եղած է ու դեռ կը շարունակէ մնալ, ձիւնագնդակի աճման ու մեծնալու բարձրաղաղակ վկան հանդիսանալով: Այդ մէկ սխալը կրնայ նոյնիսկ կամքէ անկախ ի յայտ գալ եւ խանգարել անդորրը: Սակայն ինչքա՜ն աւելի ողբերգական է այն պարագան, երբ այդ մէկ սխալը, այն ալ մեր կեանքին համար գործուած, մեր ձեռքով եւ մեր անուշադրութեան կամ անփութութեան հետեւանքով, տեղ գտնէ մեր առօրեային մէջ, քանդելով մեր ամբողջ ապագան:
Ուրեմն, մէկ սխալ թէ աւելին՝ եթէ ի գործ դնենք, կրնայ վնասել մեր ամբողջ կեանքին: Իրերայաջորդ սխալներ կան, որոնք իրարու «զօրավիգ» կը կանգնին, այսինքն կը պաշտպանեն զիրար: Սակայն առաջին սխալը միշտ ալ հիմնական տեղը կ՛ունենայ միւսներու գոյառման հարցին մէջ: Մէկ սխալն ալ բաւական է, որոշ պարագաներու, որ մարդ անհատին ամբողջ կեանքը կործանի:
Կեանքը սահմանափակ օրերու գումար է, որուն իրաւամբ կու տան «երազ» անունը, նկատի ունենալով անոր կարճ բնոյթը: Քեզի կը մնայ այդ երազի ճամբուն վրայ սխալներ գործելէ աւելի դրական իրագործումներ կատարել, արժեւորելու համար քեզի պարգեւուած կեանքը, որ երազէ աւելի՝ ակնթարթ մըն է: