ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2019ի միջօրէին, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը ճաշի հրաւէր տուաւ Հալէպէն ժամանած քաղցկեղէ տառապող 115 երեխաներու եւ իրենց առողջութեան հսկող բժշկական, կազմակերպչական մարմինի անդամներուն:
Փոքրիկները բժշկական եւ բարոյական խնամք կը ստանան «Քաղցկեղէ տառապող մանուկներու սուրիական միութիւն» հաստատութեան կողմէ:
ՍՕԽի կեդրոնին շրջափակը եռուն էր սիրասուն փոքրիկներով:
Տէրունական աղօթքով սիրոյ ճաշի բացումը կատարեց Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեան, ապա բարի գալուստ եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց փոքրիկներուն:
Արաբերէնով խօսք արտասանեցին Սոնա Գարամարտեան եւ Արաքսի Պալեան: Ապա անոնք բարի ապաքինում մաղթեցին նաեւ Սուրիոյ առաջին տիկնոջ՝ Ասմա Ասատին եւ գնահատեցին հաստատութեան մարդասիրական կամաւոր աշխատանքը:
Մթնոլորտը հագեցած էր սիրոյ եւ գուրգուրանքի խօսքերով: ՍՕԽի երիտասարդ աղջիկները փայլուն նկարներով զարդարեցին փոքրիկներուն դէմքերը, ուրախութեան եզակի պահեր պարգեւելով անոնց:
Այնուհետեւ բոլոր ներկաները երգով ու պարով աւարտեցին խրախճանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին միութեանս այս մտերմիկ ու ջերմ ընդունելութեան համար:
ՍՕԽը՝ իբրեւ համամարդկային բարեսիրական իր առաքելութեան գիտակից կազմակերպութիւն, կը շարունակէ իր բեղուն գործունէութիւնը Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ:
(Թղթակից)