ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Փարթամ կին էր: Ունէր սահուն կոր գիծեր, հարուստ եւ պարուրուած ծալքեր, ճոխ զիստ, իրանի լայն օղակներ, իսկ աւելի վերը՝ պարարտ կաթնտու յարմարանքներ: Այտե՞րն անոր… Սիրունատես էին, որոնց վրայ կարծես կախուած ըլլային երկու խնձորներ: Եւ, անոր պրոնզէ ծիծա՜ղը, սառած, գրեթէ յաւերժական… Այս կինը իր մարմնական բարեմասնութիւնները կտոր մ՛իսկ ծածկելու պէտք չէր ունեցած, ամօթալի վիճակ, եթէ նկատի առնենք, թէ արեւելեան բաղնիքի մը գոլորշիին մէջ չէր գտնուեր ան, այլ՝ մայրաքաղաքի մը բազմամարդ հանրային պարտէզին մէջ: Աւելին՝ արուեստով կոփուած իր շնորհները անհուն գթութեամբ մը ամէն օր կը բաժնէր բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ մեզի՝ հայրենիք այցելող խումբին.
– Պարոն, ի՞նչ է ասիկա:
– Եթէ քրքջալդ դադրեցնես, կը պատասխանեմ… Փաթիլ, ասիկա քոլոմպիացի աշխարհահռչակ ժամանակակից արձանագործ Պոթերոյի ստեղծագործութիւնն է, արուեստի կտոր մը:
– Խոշո՜ր կտոր մը:
– Փոքրիկ չէ, կ՛ընդունիմ: Պատճառը այն է, թէ նախատեսուած է հանրային ցուցադրութեան համար:
Արձանին շուրջ միւս աշակերտներն ալ կը սկսին հաւաքուիլ: Զարմանքի ալիքը կ՛անցնի ու անոնք առատօրէն կը լուսանկարեն այդ պրոնզէ մերկութիւնը: Այժմ, պատանիները թող կշտանան այդ անակնկալ տեսարանը դիտելէ, իսկ մենք քիչ մը զրուցենք «մերկ»ի գեղեցկօրէն զգեստաւորուած պատմութեան մասին:
Սակաւաթիւ են այն բառերը, որոնք կրնան հաւակնիլ «մերկ»ի հնութեան հասնիլ, որովհետեւ այս բառը Ադամի եւ Եւայի անհնազանդութեան պտուղն է: Բառը հայկական գրաւոր լեզու չմտաւ «մօրմէ մերկ»: Աստուածաշունչը ունի 49 հատ «մերկ», եօթը հատ «մերկութիւն», երկու հատ «մերկանդամ» եւ մէկ հատ «մերկապարանոց» բառեր: Ծննդոց գիրքին մէջ կը գտնենք հետեւեալ վկայութիւնները. «Եւ էին երկոքեան մերկ, Ադամ եւ կին իւր» եւ «Գիտացին զի մերկ էին»:
5րդ դարուն, երբ հայկեան բառերը մատենագիրներուն կը ներկայանային, «մերկ» միավանկը արդէն ունէր պաճուճուած արտաքին եւ պատկերալից արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «գլուխ նորա մերկ» եւ «սուսեր մերկ ի ձեռին»: Շատ ժամանակ չանցաւ, որ բառը իր վրայ առնէր փոխաբերական իմաստներ: Այլեւս, անիկա ո՛չ թէ միայն «տկլոր» էր, այլ նաեւ՝ պատեանէն հանուած (սուր), բուսականութենէ զուրկ (լեռ), տերեւներէ զուրկ (ծառ), անզարդ (սենեակ), ինչպէս նաեւ՝ բացայայտ (աղքատութիւն):
Հարուստ է անոր հանդերձադարանը, ուր կախուած է բարդ եւ ածանց բառերու ընտրանի մը՝ 56 կտորներէ բաղկացած: Բոլորը հագուիլ կարելի չէ, բայց փորձենք քանի մը աչքառու նմոյշներ. մերկաթեւ, մերկալանջ, մերկախօս, մերկատիտ եւ մերկոտն: Իսկ, յունարէն «եիմնասիոն» բառին նմանողութեամբ շինած ենք հետեւեալ բոյլը. մերկամարտ, մերկամարտութիւն, մերկամարտիկ, մերկակրթութիւն եւ մերկակռիւ: Պատճառը այն է, թէ հին Յունաստանի մէջ մարմնամարզանքը պէտք էր կատարուէր մերկ, որպէսզի մարզիկը կարենար իր գեղակերտ նրբութիւնները ցուցադրել: Դուք արդէն կռահեցիք, թէ «եիմնոս» բառը կը նշանակէ մերկ:
Ուրախ ենք, որ այսօր աշխարհաբարը «մերկարան»ի փոխարէն կ՛օգտագործէ «մարզարան» բառը: Իսկ աշխարհի բազմաթիւ լեզուներ եւ անոնց մարզիկները որդեգրած են gymnasium բառը, առանց գիտակցելու, թէ բուն ի՛նչ կը նշանակէ անիկա: Յիշել կ՛արժէ, թէ մեր գրաբարախօս հիները ըսեր են. «Մերկ ընդ մերկ մարտնչել». ըմբշամարտի նկարագրութիւնն էր անիկա: Իսկ հայկական մատեանները լի են ուշագրաւ մերկութիւններով, այսինքն գրական արտայայտութիւններով, որոնք ծալք-ծալք ընկողմացած են մեր մագաղաթներուն վրայ: Նայուածք մը նետենք այդ գեղեցկութիւններուն. «Մերկապարանոց լուսաւորութիւն», «Մերկացաւ մեղօք», «Մերկագլուխ (համարձակ) պատմեցէ՛ք», «Մերկամարտ նահատակութիւն», «Մերկասցի զպատմուճանն իւր»:
Իսկ, դուք գիտէ՞ք, թէ Մուշը ինչո՛ւ այդպէս անուանուած է: Վաղնջական ժամանակներուն, երբ Աստղիկը Արածանիի ջուրերուն մէջ գիշերային լոգանք կ՛ընդունէր, հայ կտրիճները բլուրներու վրայ խառոյկներ կը վառէին անոր գեղեցկութեամբ հիանալու համար: Սակայն, աստուածուհին Տարօնի դաշտը մշուշով կը պատէր ու կը քօղարկէր իր մերկութիւնը: Այնուհետեւ, գաւառը կոչուեցաւ նախ Մշուշ, ապա՝ Մուշ:
Եւ եկաւ բանաստեղծներու եւ աշուղներու սերունդ մը, որ «մերկ» բառին վրայ զետեղեց պսպղուն զարդեր, ինչպէս հայուհիի զգեստաւորումը կ՛ամբողջանար նախշազարդ գլխազարդով, մետաքսեայ վզնոցով եւ արծաթափայլ գօտիով: Այդ հոսանքին մէջ, նախ Դանիէլ Վարուժան հեթանոսացաւ.
«Մերկ ըլլաս դուն բանաստեղծի մ՛հոգւոյն պէս,
Եւ հեթանոս այդ մերկութեանդ ներքեւ»:
Վարուժանի գծած այլ պատկերի մը մէջ հողը կը պատրաստուէր մայրանալու.
«Սերմանողն է… Ոտքին առջեւ անդաստաններն հայրենի,
Կը տարածեն մերկութիւննին անպարոյր»:
Սիամանթօն կարդաց մանուկ միտքերը.
«Մեսրո՜պ,… Դո՜ւն մանուկներու մերկ ուղեղէն
Մինչեւ հանճարը ցոլքեր ցանող,
Գիտակցութեանց անգի՜ւտ փարոս»:
Այդ տղաները առատօրէն գործածեցին նաեւ «սուր մերկացնել» արտայայտութիւնը, եւ այս պատահական չէր, որովհետեւ անոնք հայրենիքի ազատագրման գաղափարով ամրացուցած էին իրենց գօտիները եւ պէտք ունէին հին օրերու փառքի պատկերներուն:
Վարուժան նկարագրեց հայոց արքաներու խիզախութիւնը. «Թուրը մերկ միշտ ափին մէջ շողարծարծ»: Արշակ Չօպանեան հիացաւ Աշոտ Ողորմածով. «Ու կը տեսնեմ ահա պատկերն ալ առնագեղ / Մերկ սուրերուն կայծակնացայտ ընդհարումին»: Սիամանթօն շարունակեց. «Թոյլ տուէք որ ձեր ամէն մէկուն պատեանէն / մերկացած սուրը պողպատէ / Սա՛ մեր քարուտ, ու դաժան, ու մութ ու անողորմ ճամբան… / Մինչեւ Նպատակը լուսաւորէ»:
Այդ սուրը մնաց օդին մէջ, սառած, եւ մեր մերկութիւնը, որ բանաստեղծական էր, իմացական, դիցաբանական, երբեմն ռազմաշունչ եւ հերոսական, հանդիպեցաւ օտարի աչքին, որ մեզի նայեցաւ այսպէս. «Ստրուկներ էք, պէտք է պարէ՛ք եւ մերկանդամ եւ հոլանի։ / …Յետոյ ջահով մը բռնկեցուցին մերկ մարմինները հարսներուն»: Սիամանթօն էր այդ պատկերներուն դիմաց աղաղակողը: Իսկ Վարուժան ականատես եղաւ այլ ողբերգութեան մը. «Սեպ ժայռին դէմ խաչեր են եօթը այրեր մերկանդամ / Դահճապետներն հեռացեր են խաւարին մէջ արդէն» (ուրախ եմ, որ աշակերտները ասդին չեն նայիր, անոնք տակաւին կը դիտեն պրոնզէ արձանը):
Բայց, յետոյ, իր ինքնութեան վերադարձաւ «մերկ»ը: Թումանեան իմաստութիւն տուաւ անոր. «Մինչեւ էսօր իմ օրում / Մարդ չեմ տեսել ես շորում. / Մարդը մերկ է ու անինչ, / Սիրտ ունի լոկ իր փորում»: Գուսան Շերամ սիրերգեց. «Գալիս եմ դուռդ իբրեւ մերկ աղքատ, / Մի լինիր անսիրտ, եղիր գթառատ»:
– Փաթիլ, դասընկերներուդ կ՛ըսե՞ս, որ երթալու ժամն է, վերադառնանք հանրակառք:
– Հիմա ո՞ւր, պարոն:
– Սասունցի Դաւիթ, որ ունի մերկացած սուր:
– «Մերկացած սուր»ը ի՞նչ է:
– Հանրակառքին մէջ կը պատմեմ:
Ճամբան հաճելի դարձնելու համար, վարորդը կը բանայ ձայնասփիւռը: Հանրակառքին մերկութիւնը կը լեցուի Ռոպէրթ Ամիրխանեանի ձայնով եւ Ալիսիա Կիրակոսեանի խօսքերով.
«Ներիր ինձ, / Ես քեզ ցաւ եմ պատճառել… / Սէրը այդպէս է, / Դառն է, / Յօշոտող… / Իմ հոգին բոց է / Ու մերկ է որպէս / Մերկութեան նկար… / Եւ մերկ ոտքերին / Մեղքի թելեր են / Խճճուել ահա»:
Երանի այս աշակերտներուն ,որ ունեն Ջեր նման կիրթ ու բազում գիտելիքներու տիրապետող մի ուսուցիչ: Ապրեք դուք: