ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճափոն կատարած իր աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ունեցաւ զանազան ընկերութիւններու հետ հանդիպումներ՝ համագործակցութեան նոր կարելիութիւնները սերտելու համար։
25 Հոկտեմբերին Արմէն Սարգսեան այցելեց աշխարհի մեծագոյն արդիւնաբերական եւ արհեստագիտութեան ընկերութիւններէն մէկը՝ ճափոնական Mitsubishi Heavy Industries ընկերութիւնը եւ հանդիպում ունեցաւ ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Շունիչի Միանակայի հետ։
Ընդգծելով, որ արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ իրական արժէքներ են մարդկային միտքը, ստեղծարարութիւնը, գաղափարը՝ նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ իր փափաքն է, որ Հայաստան դառնայ գիտական ու արհեստագիտական հանգոյց։
Զրուցակիցները խօսեցան փոխգործակցութեան, Հայաստանի մէջ Mitsubishi Heavy Industries-ի արհեստագիտական, ինչպէս նաեւ փորձառութեան կիրառման կարելիութիւններուն մասին։
Նախագահ Սարգսեան հրաւիրեց ընկերութիւնը՝ Հայաստան, տեղւոյն վրայ սերտելու գործակցութեան կարելիութիւնները եւ լծուելու աշխատանքի՝ խոստանալով ամէն ձեւով օժանդակել ու դիւրացնել գործունէութիւնը։
Նախագահը տեսակցեցաւ սնունդի արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ ճափոնական նշանաւոր Asahi Group ընկերութեան նախագահ Աքիյոշի Քոժիի հետ։ Այս ընկերութիւնը գարեջուրի եւ ոչ ոգելից ըմպելիներու արտադրութեամբ զբաղող առաջատար ընկերութիւն է, որ վերջին տարիներուն աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ սնունդի արտադրութեան եւ վերամշակման ոլորտին մէջ:
Ընկերութեան ղեկավարը նախագահ Սարգսեանին ներկայացուց արտադրութեան հիմնական ուղղութիւնները, տարբեր շուկաներու հետ համագործակցութիւնը: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան հետաքրքրուած է ճափոնական ընկերութիւններուն հետ համագործակցութեամբ, որուն հեռանկարային ուղղութիւններէն մէկը նախագահը համարեց սնունդի վերամշակման, մատակարարման եւ անվտանգութեան ոլորտը: Ան դիտել տուաւ, որ ԵԱՏՄ անդամ Հայաստան, որ սերտօրէն կը համագործակցի Եւրամիութեան հետ, կրնայ դիտարկուիլ որպէս առեւտրային հարթակ եւ դարպաս դէպի աւելի մեծ շուկաներ: Բացի ատկէ, Հայաստան ունի հիւթերու, հանքային ջուրերու զարգացած արտադրութիւն, եւ այս ոլորտին մէջ եւս համագործակցութեան մեծ ներոյժ կայ:
Նախագահը աւելցուց, որ Հայաստան գրաւիչ կրնայ ըլլալ ո՛չ միայն արտադրանքի վաճառքի, այլ նաեւ արտադրութեան եւ արտածման առումով:
Asahi Group ընկերութեան ղեկավարը նշեց, որ ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ իրենց արտադրութիւնը աւելի լայնօրէն ներկայացուի Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ: Համաձայնութիւն գոյացաւ, որ ընկերութեան ներկայացուցիչները յառաջիկային այցելեն Հայաստան՝ համագործակցութեան կարելիութիւններուն տեղւոյն վրայ ծանօթանալու եւ քննարկելու նպատակով:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ խումբ մը գործարարներու հետ, որոնց ներկայացուց Հայաստանի ներդրումային ու մրցակցային կարելիութիւնները՝ ընդգծելով, որ Հայաստան բաց է համագործակցութեան համար: Անոր համաձայն՝ ըլլալով ԵԱՏՄի անդամ եւ սերտօրէն համագործակցելով Եւրամիութեան հետ, Հայաստան լաւ կարելիութիւն կու տայ գործարարներուն, նաեւ կրնայ իբրեւ կամուրջ ծառայել այլ երկիրներ հասնելու: Նշելով, որ ներկայիս աշխարհը կը գտնուի սրընթաց փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանի մէջ, նախագահը նկատել տուաւ, որ նոր ժամանակաշրջանին էական նշանակութիւն պիտի ունենայ մարդկային միտքն ու բանականութիւնը:
«Սա այնպիսի մի ժամանակահատուած է, երբ Ճապոնիան իր կրթական, գիտական բարձր մակարդակով, տեխնոլոգիական զարգացուածութեամբ առաւելութիւն ունի, բայց սա նաեւ մի ժամանակահատուած է, երբ փոքր երկրները նոյնպէս, ինչպիսին Հայաստանն է, կարող են լինել յաջողակ: Սա բարձր տեխնոլոգիաների, մաթեմատիկական մոդելաւորման, արհեստական բանականութեան դարաշրջան է: Պարտադիր չէ բնական պաշարներ ունենալ՝ յաջողելու համար, յաջողելու համար բաւական է մարդկային միտքն ու փորձառութիւնը։ Հայաստանը երկիր է՝ կրթական բարձր մակարդակ ունեցող ժողովրդով: Հայաստանը բաց է աշխարհի համար եւ, յոյսով եմ, որ մենք լուրջ համագործակցութիւն կ՛ունենանք Ճապոնիայի եւ ճապոնական ընկերութիւնների հետ», յայտնեց ան:
Նախագահը նշեց, որ պատրաստ է կարելի եղածին չափ աջակցիլ այն ընկերութիւններուն, որոնք հետաքրքրուած են Հայաստանի հետ համագործակցութեամբ: