ԹԱՈՒԶԸՆՏ ՕՔՍ, Քալիֆորնիա.- Կիրակի, 3 Նոյեմբերին, AACA-ը (Հայ-ամերիկեան արուեստագէտներու միութիւն) կը հրաւիրէ ձեզ՝ ըմբոշխնելու հայ եւ օտար երգերու փունջ մը:
Վաստակաւոր խմբավար եւ դաշնակահարուհի Նորա Ռումեան Պայրամեան պիտի ղեկավարէ եւ ընկերակցի կանանց «Մեղեդի» սենեկային երգչախումբին, որ մօտաւորապէս երկու տարիներու փորձերէ ետք, արդէն իսկ պատրաստ է բեմ բարձրանալու:
Խմբավար Պայրամեան հրամցուելիք բոլոր երգերը բծախնդրութեամբ մշակելով՝ վերածած է երգչախմբային յօրինումներու: Անոր երաժշտական մշակումներուն ընդմէջէն կ՛անդրադառնանք իր իւրայատուկ տաղանդին ու ճաշակին: 40 տարիներէ ի վեր ան ծառայած է եւ կը ծառայէ երաժշտական ասպարէզին: Ան նաեւ քաջալերած է խոստմնալից տաղանդները թէ՛ մեծերու եւ թէ փոքրերու, բեմ բարձրացնելով զանոնք:
Ճիշդ այս նպատակէն մղուած, AACA-ի առաքելութիւնը եղած է պրպտել եւ ի յայտ բերել թաքուն տաղանդները:
Այս տարի AACA-ը կազմակերպեց դրամահաւաքի երեկոյ մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան երկու արուեստագէտներ: Ապա, նոր տարուան սեմին ունեցաւ իր երկրորդ ձեռնարկը՝ «Chevy Chase Country Club»ի մէջ, ուր «Մեղեդի»ն ելոյթ ունեցաւ հիւր արուեստագէտներու կողքին:
Այսօր մեր առաքելութիւնը իրագործելու համար, կարիքը ունինք ձեր ներդրումին եւ հովանաւորութեան: Հաստատ իրողութիւն է եւ կը հաւատա՛նք, որ ամէն նպատակ իրագործելու համար անհրաժեշտ է վճռակամութիւն եւ նուիրում: Հետեւաբար, պատրաստ ենք ամէն ճիգ ի գործ դնելու, հասնելու համար մեր ձգտումին:
Համերգը տեղի պիտի ունենայ Թաուզնտ Օքսի «Շեր Ֆորըմ» սրահին մէջ (2100 E. Thousand Oaks Blvd., Thousand Oaks, CA 91362։
Տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել (818) 368-4005 թիւին։
(Թղթակցութիւնը՝ միութենէն)