ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, 17 Հոկտեմբերին Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբին կողմէ Հալէպի Զինուորական հիւանդանոցին յանձնուեցան բժշկական պարագաներ։
Այս մասին յայտնեց «Հումանիտար ականազերծման եւ փորձագիտական կենտրոն»ի հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեան:
Սուրիական զինուորական հի-ւանդանոցի ղեկավարութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց հայ բժիշկներուն՝ ո՛չ միայն տրամադրուած բժշկական պարագաներուն, այլ նաեւ Հայկական ծերանոցին, Դարմանատուն ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ շարք մը այլ բժշկական հաստատութիւններու մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ ցուցաբերուող բժշկական օժանդակութեան համար:
Զինուորական հիւանդանոցի պետ, զօր. Ֆայէզ Ալ Այուպիի համաձայն՝ հայաստանցի եւ սուրիացի բժիշկները միացեալ ջանքեր ի գործ կը դնեն պատերազմի պատճառով տուժածներուն օգնելու համար. «Մեր հայ գործընկերները մարդասիրութեամբ, մարդկայնութեամբ եւ արհեստավարժ կերպով ամէն օր օգնութիւն կը ցուցաբերեն Սուրիոյ ազգաբնակչութեան։ Ազգովին կը գնահատենք այս կարեւոր քայլը, որ մեզի համար դժուար իրավիճակին մէջ հայերը կանգնեցան մեր կողքին»։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ առողջապահական մարմիններուն՝ մնայուն աջակցութեան համար։