ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի նախապէս ծրագրուած արտակարգ նիստը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Ողջունելով ներկաները՝ վարչապետը ըսաւ, որ նիստը կը համընկնի շրջանին մէջ տեղի ունեցող բուռն զարգացումներու, ուստի նիստին ընթացքին քննարկումներու նիւթը պիտի ըլլան անոնք։
«Ի հարկէ, մտքեր, տեղեկատուութիւն կը փոխանակենք վերջին շրջանում մեր ունեցած միջազգային շփումների վերաբերեալ, նաեւ քննարկումներ կ՛ունենանք Արցախի խնդրի խաղաղ կարգաւորման ընթացիկ իրավիճակի վերաբերեալ: Անվտանգութեան խորհրդի նիստերը շատ կարեւոր են, որովհետեւ մեր անվտանգային հարցերի համատեքստում մենք որոշումներ ենք կայացնում նաեւ տնտեսական, քաղաքական բնոյթի, եւ ես համոզուած եմ, որ այսօր մեր կողմից կայացուող որոշումները կը ծառայեն մեր երկրի անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան հետագայ մակարդակի բարձրացմանը», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան: