ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն՝ Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով, երկու տարին անգամ մը կը կատարուի Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու հոգեւորականաց միացեալ համագումար մը։ Այս տարի, համագումարը տեղի ունեցաւ 8էն 11 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան թեմին կազմակերպութեամբ, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ եւ երեք թեմերու առաջնորդներուն՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի (Արեւմտեան թեմ), Անուշաւան արք. Դանիէլեանի (Արեւելեան թեմ) եւ Բաբգէն արք. Չարեանի (Գանատայի թեմ) նախագահութեամբ։
Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբերին, շուրջ 40 հոգեւորականներ ժամանեցին Լոս Անճելըս։ Երեկոյեան, տաճարին կից «Թումանեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարի գալստեան ընթրիք եւ ծանօթացման պահ։ Ընթրիքին ներկայ էին նաեւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմին, Տիկնանց միութեան եւ քոյր միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, ինչպէս նաեւ դպրաց դասի անդամներ ու արուեստագէտներ։
Սեղաններու օրհնութենէն ետք, Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան ողջոյնի խօսք արտասանեց. ապա յաջորդաբար խօսք առին Հոգաբարձութեան ատենապետ Համօ Գասպարեան եւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան, որոնք շնորհակալութեան եւ բարի գալուստի խօսք ուղղեցին ներկայ հոգեւորականներուն։
Ապա, Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, յանուն սրբազան հօր՝ բարի գալուստ մաղթեց հոգեւորականներուն եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հիւրընկալ եկեղեցւոյ։ Ընթրիքին ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը կատարողութեամբ հայ արուեստագէտներու, որոնք մթնոլորտը աւելի եւս ջերմացուցին։
Յաջորդ առաւօտ համագումարը պաշտօնապէս սկիզբ առաւ Արեւագալի ժամերգութեամբ, որուն աւարտին Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Բէնդէզեան հոգեւոր խորհրդածութիւն մը կատարեց հաւատքին մասին:
Այնուհետեւ, «Թումանեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ համագումարը իր աշխատանքներուն անցաւ։ Բացման աղօթքէն ետք, երեք առաջնորդները իրենց ողջոյնի ու սիրոյ խօսքերը փոխանցեցին ժողովական հոգեւորականներուն։ Անոնք յորդորեցին հաւատքո՛վ ծառայելու, որպէսզի Տիրոջ անդաստանէն ներս իբրեւ ընտիր մշակներ ծառայեն մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին։ Ապա ընթերցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը, որուն մէջ կը շեշտուէր. «Եկեղեցին իր էութեամբ առաքելութիւն է, քրիստոսակեդրոն առաքելութիւն. եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակը առաքեալ է։ Հաւատքով ու սիրով զսպանակուած եւ ծառայութեամբ շաղախուած առաքելութիւն է, զոր պէտք է կատարէ հոգեւորականը, եկեղեցին իր ծէսէն ու վարչական դրութենէն անդին՝ ծառայութեան ճամբով տանելով ժողովուրդը»։
Դիւանի անդամ ընտրուեցան Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Գեղարդ Ծ. վրդ. Քիւսպէկեան (ատենապետներ) ու Գարեգին քհնյ. Պետուրեան եւ Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեան (ատենադպիրներ)։
Տեղի ունեցան երեք դասախօսութիւններ. առաջին դասախօսն էր Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, որ ներկայացուց «Քրիստոնէութիւն եւ ընտանիք. ընկերային եւ բարոյական հարցեր» նիւթը։ Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց եւ կարծիքներու ու փորձառութեանց փոխանակում. զրոյցը վարեց Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան։
Յաջորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Վահան քհնյ. Գույումճեան՝ նիւթ ունենալով «Addiction, Substance abuse and high risk behavior»ը։
Երրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Նարեկ քհնյ. Թրթռեան «Human Relationships» թեմայով։ Դասախօսութիւններուն յաջորդեց հարցում-պատասխանի բաժինը։ Դադարէն ետք, Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան «Հայ Մամուլի Տարուան» առթիւ մտորումներ ներկայացուց։
Համագումարին առաջին օրուան աշխատանքներու աւարտին, հոգելոյս Սմբատ արք. Լափաճեանի շիրիմին շուրջ հոգեհանգստեան յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ երեք թեմերուն մէջ ծառայած ու վախճանած հոգեւորականներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Հոգեւորականները առիթը ունեցան նաեւ այցելելու Ս. Խաչ Մայր տաճարի շրջափակին մէջ կառուցուած Սմբատ արք. Լափաճեանի յիշատակի գրադարան-թանգարանը։
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւն, ապա՝ հաւաքական ընթրիք։
9 Հոկտեմբերին, համագումարը շարունակեց իր աշխատանքները։ Ժամերգութեան աւարտին, Յակոբ քհնյ. Գեադայեան յոյսի մասին խորհրդածութիւն մը ներկայացուց։
Ապա, հոգեւորականները այցելեցին Մեսրոպեան վարժարանը։ Աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, անոնք աշակերտներու թափօրով առաջնորդուեցան վարժարանին շրջափակը։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց բացման խօսք արտասանեցին աշակերտական խորհուրդի ներկայացուցիչները, որմէ ետք աշակերտները ասմունքով հանդէս եկան։ Վարժարանին տնօրէնը՝ Դաւիթ Ղուկասեան բարի գալուստ մաղթեց ժողովական հոգեւորականներուն։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդը իր սրտի խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց այս պատմական առիթին համար։ Ապա, Արեւելեան թեմի առաջնորդը, խօսելով Թարգմանչաց սերունդին մասին, կոչ ուղղեց աշակերտներուն՝ տէր կանգնելու հայ ինքնութեան եւ հաւատարիմ՝ մեր նախնիներու աւանդին։ Հոգեւորականները առիթ ունեցան այցելելու դասարանները եւ ծանօթանալու վարժարանի աշխատանքներուն։ Այնուհետեւ, վարժարանի տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ «Իգնատոսեան» սրահին մէջ հոգեւորականները բոլորուեցան սիրոյ սեղանին շուրջ. ընթացքին բարձրագոյն դասարաններուն աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած։
Կէսօրէն ետք, համագումարը շարունակեց իր աշխատանքները։ Տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմերու վերակազմակերպման տասնամեայ ծրագիրին աշխատանքներուն ներկայացումը։ Աշխատանքներուն մասին զեկուցեցին երեք թեմերու առաջնորդական փոխանորդները՝ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան եւ Գեղարդ Ծ. վրդ. Քիւսպէկեան։ Ներկայացումներէն ետք քննարկում կատարուեցաւ համադրական աշխատանք մշակելու՝ հասարակաց ծրագիրներու շուրջ։
Կէսօրուան դադարէն ետք, տեղի ունեցան թեմական առանձին հանդիպումներ։ Առաջնորդներու եզրափակիչ խօսքերով համագումարին աշխատանքները փակուեցան։ Այնուհետեւ, կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն աւարտին Գարեգին քհնյ. Պետուրեան սիրոյ մասին հոգեւոր խորհրդածութիւն մը ներկայացուց։
10 Հոկտեմբերին, հոգեւոր հայրերը այցելեցին Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանը, ուր յաջորդաբար կատարուեցաւ բարեխօսական աղօթք եւ արտասանուեցան սրտի խօսքեր։ Ներկայ էին Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էնճի Հիմենէզ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ստեփան Պոյաճեան եւ «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Բագրատունի։ Արեւմտեան թեմի առաջնորդը, Հաճինեան եւ Պոյաճեան իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին։
Այնուհետեւ, անոնք այցելութիւն տուին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանը։ Աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, հոգեւոր հայրերը ծափողջոյններով դիմաւորուեցան աշակերտութեան կողմէ։ Դպրոցի հանդիսասրահին մէջ 8րդ դասարանի աշակերտները արտասանեցին բարի գալուստի խօսք, որմէ ետք վարժարանի շրջափակին մէջ, կրտսեր դասարանի աշակերտները երգերու փունջ մը ներկայացուցին։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդը գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ այս այցելութեան համար եւ օրհնեց աշակերտները, որոնք Թարգմանչաց սերունդի թոռնիկներն են եւ վառ կը պահեն անոնց անկորնչելի աւանդը։ «Անիթա Թորոսեան» գրադարանէն ներս, 5րդ դասարանի աշակերտները նոյնպէս պատրաստած էին յատուկ յայտագիր մը։ Արեւելեան թեմի առաջնորդը իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ ըսաւ, թէ մայրենի լեզուն հայ ժողովուրդին համար եղած է եւ է՛ անոր ազգային դիմագիծը անաղարտ պահող եւ գոյութիւնը յաւերժացնող ամենայուսալի զէնքը։ Իսկ «Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան» մարզասրահին մքջ խումբ մը աշակերտներ գեղարուեստական գողտրիկ յայտագրով մը հանդէս եկան։ Տնօրէն դոկտ. Թալին Քարկոտորեան ողջունեց հիւրերը եւ բարի գալուստ մաղթեց անոնց։ Աւարտին, Մուշեղ սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ օրհնեց եւ գնահատեց տնօրէնութիւնը եւ աշակերտները, իսկ Բաբգէն սրբազանը խօսեցաւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդի մասին։
Այցելութեան երրորդ վայրը Ազգային առաջնորդարանն էր։ Հոգեւոր հայրերը ուղղուեցան Ս. Աշխէն եւ Ս. Տրդատ մատուռ, ուր Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ հոգեպարար պահ մը անցուցին։ Անոնք շրջագայեցան առաջնորդարանին մէջ եւ ծանօթացան անոր պաշտօնէութեան եւ տարած աշխատանքներուն։
Երեկոյեան, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերու առաջնորդներուն եւ մասնակցութեամբ երեք թեմերու հոգեւորականաց դասերուն, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ հովիւին եւ Հոգաբարձութեան։ Պատարագեց ու քարոզեց Գանատայի թեմի առաջնորդը։ Ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, Ազգային վարչութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ քոյր միութեանց անդամներ, ինչպէս նաեւ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներ եւ բարձրագոյն դասարաններու աշակերտներ։
Նախքան քարոզը, Արեւմտեան թեմի առաջնորդը իր սրտի խօսքը արտասանեց։ Ան նախ փառք ու գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ միասնաբար պատարագին մասնակից եւ աղօթակից դառնալնուն համար։ «Անցնող օրերուն ընթացքին Հիւսիսային Ամերիկայի միացեալ համագումարի մասնակից հոգեւորականներս Թարգմանչաց սերունդի պատգամին ընդմէջէն վերանորոգուեցանք՝ մեր ծառայական երթը շարունակելու եւ Տիրոջ անդաստանէն ծառայելու», նշեց ան։ Ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց համագումարին ընթացքին տարուած աշխատանքները եւ ազգային վարժարաններ այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ վեհափառին կողմէ երեք թեմերուն ուղղուած վերակազմակերպման տասնամեայ ծրագիրի աշխատանքներու ծրագիրը։ Ան ողջունեց «Փիլիպոս» վարժարանի աշակերտները, որոնք ներկայ էին պատարագին։ Սրբազանը իր խօսքը ուղղելով ժողովուրդին՝ խնդրեց, որ աղօթեն հոգեւորականներուն համար, որպէսզի անոնք շարունակեն ծառայել Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։ Ան նաեւ յայտարարեց, որ «Տէր ողորմեա»ի ժամանակ յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի հիւսիսային Սուրիոյ շրջանի բնակիչներւն համար, որոնք այս օրերուն Թուրքիոյ յարձակումներուն կ՛ենթարկուին։
Թարգմանիչներուն նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականէն ետք, Բաբգէն արք. Չարեան օրուան պատգամը յղեց։ Սրբազանը մատնանշեց, որ Թարգմանչաց սերունդի հրաշքով Աստուած մեծ շնորհք ըրած էր հայ ժողովուրդին։ «Թարգմանչաց սերունդին ստանձնած գործը դիւրին չէր, այլ ծանր ու պատասխանատու աշխատանք էր, սակայն եւ այնպէս այդ աշխատանքը կեանքի կոչուեցաւ, որովհետեւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց կը զգար հայ ժողովուրդի սեփական գիրեր ունենալու անհրաժեշտութիւնը։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, անոր աշակերտներուն եւ յաջորդող սերունդներու գործունէութեան շնորհիւ մեր լեզուն հարստացաւ, մենք հա՛յ դարձանք, ա՛զգ դարձանք, ունեցանք ազգային ինքնութիւն՝ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, եւ այդ ինքնութիւնը մեր լեզուն է, մեր հաւատքն է, մեր հոգեմտաւոր արժէքները՝ մեր նախնիներէն կտակուած։ Հետեւաբար, այսօր, գիտակցինք եւ հասկնանք մեզի կտակուած ոսկեդարու ժառանգութիւնը՝ հայերէ՛ն խօսելով, մեր հաւատքը պահպանելով եւ շարունակելով մեր յաղթական ուղին՝ մեր հայրերու ոգիով զսպանակուած», ընդգծեց առաջնորդը։
Պատարագին աւարտին երգուեցաւ «Ի վեհ բարձանց» եւ «Կիլիկիա» մաղթերգները։
Ապա, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք մը, որուն ընթացքին Ալեք Փիլիպոս վարժարանի աշակերտութիւնը ասմունքով, երգով եւ պարով հանդէս եկաւ, իսկ Սուրէն սրկ. Հազարեան եւ Յովհաննէս Պալեան իրենց դիւթիչ ձայնով մեներգեցին։ Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան ելոյթ ունեցաւ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց հոգեւորականաց համախմբումին համար եւ ընդգծեց, որ Հայ եկեղեցին նոյն նախանձախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Իրենց սրտի խօսքերը նոյնպէս փոխանցեցին առաջնորդները, որոնք վերանորոգութեան կոչ ուղղեցին թէ՛ հոգեւորականներուն եւ թէ ներկայ ժողովականներուն։
Նշենք, որ ընթրիքի աւարտին, հոգեւորականներուն յուշանուէրներ փոխանցուեցան։
Ընթրիքը աւարտեցաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգով։
11 Հոկտեմբերին, ժողովական հոգեւոր հայրերը վերանորոգ հաւատքով վերադարձան իրենց թեմերը։