ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանց հրաժարական տուաւ: Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը: Ըստ մարզիչին՝ ան կը հրաժարի, որովհետեւ հաւաքականը չկրցաւ Եուրօ 2020ի եզրափակիչ փուլի ուղեգիր նուաճել:
Ան դիտել տուաւ, որ տարիէ մը ի վեր կը վարէ գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, այդ ժամանակաշրջանին եղած են թէ՛ ուրախ, եւ թէ տխուր պահեր՝ կապուած հաւաքականի ելոյթներուն։ Մարզիչը աւելցուց, որ ընտրական փուլը դեռ չէ աւարտած, բայց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հեռանալու բարդ որոշում կայացուցած է, քանի որ չէ կրցած արդարացնել Հայաստանի հաւաքականի համակիրներու յոյսերը՝ խումբը հասցնել Եւրոպայի ախոյեանութեան եզրափակիչ փուլ:
Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէն Գիւլբուդաղեանցին՝ անոր կատարած աշխատանքին համար՝ նշելով, որ իրեն համար դժուար է ընդունիլ մարզիչին հրաժարականը: