ՆՈՐԹՐԻՃ.- Հայ Ազգային հիմնարկին (ANI) եւ Ամերիկայի Հայկական համագումարին համագործակցութեամբ՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը եւ համալսարանին Հայ ուսանողական միութիւնը պիտի իրականցնեն 1918-1920 տարիներուն, Հայաստանի մէջ Երիտասարդ Քրիստոնեաներու տղամարդոց միութեան (YMCA) կողմէ իրականացուած մարդասիրական գործունէութեան նուիրուած ցուցահանդէս մը։
Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 26 Հոկտեմբերին, կ.ե. ժամը 3-5, համալսարանին «Ուեսթ» ցուցադրասրահին մէջ։