ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Լեհաստանի մէջ Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու առաջին կեդրոնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 21 Սեպտեմբերին, Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի «Քոլեճիում Մայուս» (Collegium Maius) թանգարանի հանդիսասրահին մէջ: Բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ թանգարանի տնօրէն, պատմագէտ ու լեհահայութեան մասնագէտ փրոֆ. Քշիշթոֆ Սթոփքայի եւ Լեհաստանի Արուեստի եւ գիտութիւններու ակադեմիոյ նախագահ փրոֆ. Եան Օսթրովսքիի ողջոյնի խօսքերով:
Նորաստեղծ կեդրոնի գործակատարն է պատմագէտ եւ լեհահայութեան մասնագէտ փրոֆ. Անտժէյ Ժիէնպա, որ հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի բացման մասին համընդհանուր դասախօսութիւն մը ներկայացուց՝ «Լեհահայութեան մշակոյթը՝ իբրեւ ուսումնասիրութիւններու բնագաւառ» խորագիրով: Ապա ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ կենդրոնին նախատեսած ծրագիրերուն, որոնց առանցքը պիտի կազմեն լեհահայութեան դարաւոր մշակոյթի պատմութեան ուսումնասիրութիւնը եւ արխիւային մատենագիտութիւնը:
Ժիէնպա ներկայացուց նաեւ գիտաշխատողներու նախատեսուած կազմը, ապա ծանօթացուց այս կեդրոնին համար նշանակուած գիտական խորհուրդին՝ լեհ, հայ եւ օտար տասնհինգ անդամներուն անուանացանկը:
Վերոյիշեալ ակադեմիոյ նախագահ Ե. Օսթրովսքի գիտական խորհուրդի ներկայ անդամներուն բաշխեց գիտական խորհուրդի անդամակցութեան վկայագիրները: Բացման հանդիսութեան առաջին բաժինը աւարտեցաւ Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնին՝ դոկտ. Յարութիւն Մարութեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ թանգարանը յետ-հարիւրամեակային ժամանակաշրջանին» անգլերէնով տպաւորիչ դասախօսութեամբ:
Հիւրասիրութեան ընդմիջումէն ետք, Վենետիկի Մխիթարեաններու միաբաններէն հայր Վահան վրդ. Օհանեան ներկայացուց բազմաբովանդակ՝ «Բանաստեղծ եւ պատմագէտ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան» բնաբանով դասախօսութիւնը՝ լուսաբանելով հայր Ղ. Ալիշանի՝ վեհաշուք գիտնականին վաստակը եւ հսկայական ժառանգը։ Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ոչ միայն հայագիտական ուսումնասիրութիւններուն, այլ սկզբնաղբիւրը դարձաւ պատմագիտութեան, լեզուաբանութեան, աշխարհագիտութեան, բուսագիտութեան եւ այլ բնագաւառներու:
Լեհաստանի մէջ հայկական մշակոյթին նուիրուած ուսումնասիրութիւններու առաջին այս կեդրոնին բացումը երկար տարիներու վրայ խտացուած ջանքերու արգասիքն է: Կեդրոնին հիմնադրութեան որոշումը տրուած էր 10 Սեպտեմբեր 2019ին. անիկա պիտի վայելէ Լեհաստանի գիտութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան նիւթական աջակցութիւնը:
Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի այս հիմնարկը կը համարուի Լեհաստանի մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող Արուեստի եւ գիտութիւններու ակադեմիոյ մէկ ստորաբաժանումը:
Կեդրոնին բացման հանդիսութեան աւարտին, ներկաներուն առիթը տրուեցաւ այցելելու Եակելոնեան համալսարանի թանգարանը եւ համալսարանի գիտական խորհուրդի ժողովասրահին մէջ դիտելու 19րդ դարու սկիհի մը հայկական ծածկոցի հմայիչ ասեղնագործ արուեստի մեկնաբանութիւնը: Այդ ասեղնագործ ծածկոցը երկար թափառումներէ ետք, անհետացումէ փրկուելով՝ հասած է Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի թանգարանը եւ դարձած է անոր արժէքաւոր բազմաթիւ նմուշներէն մէկը:
Սոյն կեդրոնին բացումէն ետք, Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբերին, Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Լեհաստանի Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի եւ Քրաքովի Հայ մշակութային ընկերակցութեան համագործակցութեամբ՝ Քրաքով քաղաքի նոյն՝ Լեհաստանի Արուեստի եւ գիտութիւններու ակադեմիոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շուէտի «Լունտ» համալսարանի դասախօս դոկտ. Սվանթէ Լունտկրէնի դասախօսութիւնը «Ծիծեռնակաբերդէն դէպի Հոլիվուտ՝ իմ հայկական ճանապարհորդութիւնը» խորագիրով, իսկ առինքնող հայ երաժշտութիւնը հնչեց շնորհիւ Գէորգ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներու երաժշտական ընկերակցութեան:
Ս. Լունտկրէն անգլերէնով ներկայացուց պատմութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած մարդասէր հինգ սկանտինաւուհիներու, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներ եղած էին. այդ մարդասէր եւ քաջ միսիոնարուհիներն են՝ դանիացիներ Քարէն Եփփէ եւ Մարիա Եաքոպսոն, նորվեկիացի Պոտիլ Պիորն, շուէտցի Ալմա Եոհանսոն եւ էսթոնիացի Աննա Հետուիք Պիւլ, որոնք կանգնեցան հայ ժողովուրդին կողքին, անոր ամենամռայլ եւ ողբերգական ժամանակահատուածին:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»