ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Վերոնշեալ պատգամը առանցքային տեղ գրաւեց Արամ Ա. վեհափառին դասախօսութեան մէջ, զոր տուաւ անգլերէնով, Հարիսայի համագումարներու սրահին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին ընթացքին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Միջին Արեւելքի եւ Անգլիոյ Ս. Գրոց ընկերակցութեանց միացեալ ճիգով եւ համագործակցութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին: Համագումարին ընդհանուր բնաբանն էր՝ «Ի՞նչ է պատգամը Աստուածաշունչին այսօր, Միջին Արեւելքի ներկայ պայմաններուն մէջ»:
Երկու օրերու վրայ տարածուած համագումարին կը մասնակցէին շուրջ 200 պատուիրակներ՝ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէ եւ Անգլիայէն, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցիէն՝ Լիբանանէն եւ Պոլիսէն: Համագումարին կազմակերպիչ կառոյցներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Վատիկանի ներկայացուցիչը բացման հանդիսութեան յաջորդաբար խօսք առին:
Համագումարին գլխաւոր դասախօսն էր վեհափառ հայրապետը: Ողջունելով համագումարին նպատակը՝ կաթողիկոսը շեշտեց, որ Աստուածաշունչը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի մտածողութեան, գործին ու կեանքին առանցքը եւ ուղեգիծը պէտք է դառնայ, այլապէս քրիստոնեան պիտի կորսնցնէ իր կեանքին որակը, իմաստն ու նպատակը: Ան, ապա, Աստուածաշունչի իւրայատկութիւններուն անդրադարձաւ եօթը գլխաւոր կէտերու մէջ: Այս ծիրին մէջ ան ըսաւ, որ Աստուածաշունչը գիրք չէ, ուսուցումներու ուղեցոյց չէ, այլ Աստուածային յայտնութիւն կը պարունակէ:
Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդգծեց Աստուածաշունչէն եկող չորս պատգամներ՝ ա) միութիւն, բ) ծառայութիւն, գ) առաքելութիւն եւ դ) սէր: Իւրաքանչիւրին մասին հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ, մէջբերումներ կատարելով Աստուածաշունչէն:
Իսկ դասախօսութեան երրորդ բաժինին մէջ վեհափառը խօսեցաւ վերոյիշեալ աստուածաշնչական պատգամներուն իմաստին մասին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու կեանքի շրջագիծին մէջ: Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնէական միութեան գործակցութեան, ծառայութեան եւ վկայութեան իւրայատուկ իմաստը եւ մարտահրաւէրը, յատկապէս ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, կաթողիկոսը կոչ ուղղեց եկեղեցիներուն՝ Աստուածաշունչը ծէսէն, եկեղեցւոյ պատերէն եւ Ս. Գրոց սերտողութեան նուիրուած ձեռնարկներէն անդին տանելու եւ կեանքի թարգմանելու հրամայականը: