ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ատրպէյճանի նախագահի հասարակական կազմակերպութիւններուն աջակցող խորհուրդի անդամ Էմին Հասանլը յայտարարեց, որ առաւել քան 1000 ատրպէյճանցի երիտասարդներ դիմում կատարած են թրքական բանակին՝ կամաւոր անդամագրուելու համար, որպէսզի մասնակցին Սուրիա ներխուժած թրքական բանակի գործողութիւններուն: Ան վստահեցուց, որ Ատրպէյճանի բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ ամբողջ ժողովուրդը կ՛աջակցի Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.