ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք 11 Հոկտեմբերին, խստօրէն քննադատեց մէկ օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կատարած այն յայտարարութիւնը, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը շարունակէ քննադատել Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմական գործողութիւնները, Անգարա կրնայ 3.6 միլիոն գաղթականներ Եւրոպա ղրկել։
«Երբեք չենք ընդունիր, որ գաղթականները զէնքի վերածեն եւ զանոնք շահագործեն մեր հասցէին սպառնալիքներ կատարելու նպատակով: Էրտողանի յայտարարութիւնը անտեղի էր։ Թուրքիա պէտք է հասկնայ, որ իր գործողութեան նկատմամբ մեր հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ անիկա մարդկային նոր ողբերգութիւն կրնայ յառաջացնել», ըսաւ Թուսք:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղեց Թուրքիոյ, որ ուշադրութեամբ կշռադատէ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, որպէսզի վնաս չհասցնէ ճգնաժամի լուծման ընդհանուր ջանքերուն: