ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Պատերազմական եւ այլ անապահով կացութիւններու բերումով, մարդիկ իրենց կեանքի ապահովութեան համար մասնաւոր թաքստոցներ կամ ապաստանարաններ կը պատրաստեն, պեթոնի խտագոյն ձուլածոներով կը պաշտպանեն զայն, որպէսզի դիմացկունութիւն տան անոր, նոյնիսկ ամէնէն ուժգին ռմբահարումներու դիմաց:
Պատահած է նաեւ, որ ապաստանարաններու մէջ թաքնուած մարդիկ զոհ գացած են կոյր ռմբակոծումներու, երբ յանկարծ չսպասուած անկիւնէն, ապաստանարանի ամէնէն տկար պատէն ներս թափանցած է ռումբը եւ նախճիր գործած: Անմեղ կանայք ու երեխաներ, տարեցներ ու անկարներ զոհ գացած են յաճախ նման անարգ սպանդի, մինչ կը խորհէին, թէ շատ ապահով վայրի մը մէջ թաքնուած էին:
Բռնապետներ կամ պատերազմական գործողութիւններու մէջ գտնուող քաղաքական ղեկավարներ երբեմն իրենց անձին ապահովութիւնը փնտռած են գետնափոր թաքստոցներու մէջ: Անոնք իրենց այդ ապաստանարանէն կառավարած են յաճախ գունդերը, ձայնային անթել սարքերու միջոցաւ ուղղութիւն տալով կռուող բանակին:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ կը հանդիպինք մեր գանձը ամէնէն ապահով տեղին՝ երկնքի մէջ դիզելու գաղափարին, որ անշուշտ տարբեր է այդ վայրին թաքստոց մը ըլլալու իրողութենէն, սակայն ապահով վայր մը ըլլալու գաղափարէն ալ շատ հեռու չէ՛: Մեր արծարծած նիւթը մարդոց ապահով տեղ մը փնտռելու մտածումէն յառաջացած մտահոգութիւն մըն է, որով մարդիկ կ՛ուզեն իրենց անձը այդտեղ ապահովել եւ փրկել:
Թաքստոցին մէջ մտնելու արարքին կը զուգորդուի վախը: Ինչո՞ւ մտնել թաքստոց, եթէ վախ չունինք: Վախն է որ մեզի կը ստիպէ պահուըտիլ, ազատելու համար վտանգէն: Ուրեմն, վախը լա՞ւ խորհրդատու մըն է, որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի թաքստոց: Ո՛չ, վախը լաւ խորհրդատու մը չէ՛, անիկա ընդհակառակը շատ վատ խորհրդատու մըն է, որ նոյնիսկ կրնայ վատ արարքներու մղել մեզ: Թաքստոց մտնելու խորհուրդը վախին կողմէ մեզի տրուած առաջին քայլ մըն է պարզապէս, թաքստոցին մէջ կազմակերպուելու եւ մեր յառաջիկայ ընելիքը այնտեղ որոշելու:
Թաքստոցը ապահովական առումով ծածկուած ըլլալով ամէն կողմէ, բնականաբար կը զուգորդուի նաեւ մթութեան գաղափարին հետ: Գետնափոր, ժայռափոր, պեթոնով ամրացուած կամ աւազով լեցուած պարկերով ծածկուած պատուհաններ ունեցող այս վայրը՝ թաքստոցը կամ ապաստանարանը, բնականաբար ցերեկի լոյսէն զուրկ կ՛ըլլայ:
Դարձեալ Յիսուսի մտածողութեան մէջ կը գտնենք վատ արարքներուն համար օգտագործուող ժամանակը՝ գիշերը, այլ խօսքով՝ մթութիւնը: Որոմներու առակին մէջ յստակօրէն կ՛ըսուի, թէ թշնամին գիշեր ատեն եկաւ եւ լաւ սերմ ցանուած արտին մէջ որոմ ցանեց ու գնաց: Ան ուրեմն ցերեկ աչքով չեկաւ, երբ մշակները կամ նոյնիսկ սովորական անցորդներ կրնային նկատել զինք: Թշնամին ընտրած էր գիշերը, երբ մթութիւնը կը պատէ ամբողջ աշխարհը: Ան մթութեան մէջ կը թաքցնէ իր անձը, որպէսզի իր չարութեան գործը կատարած ժամանակ չյայտնուի աշխարհին: Ան գիտէ անշուշտ, թէ որոմը ծլելէն ետք ամէն մարդ պիտի իմանայ այդ մասին, սակայն արդէն չարիքը գործուած կ՛ըլլայ: Կարեւորը ճիշդ այդ միջոցին, այսինքն չարիքը գործած պահուն պէտք չէ՛ բացայայտուի իր գործը, որպէսզի ատոր առաջքը չառնուի:
Բացի արտաքին ազդակներէ եւ երեւոյթներէ, ինչպէս՝ մթութիւնը կամ գիշերը, կայ նաեւ թաքնուելու կամաւոր արարքը, որուն շարունակութեան վրայ կը գտնուի գաղտնաբար չարիք նիւթելու հնարաւորութիւնը, մարդոց տեսողութենէն հեռու:
Հոգեբանութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ մարդոց համար այլ թաքստոց մը, որ անոնց հոգեկան ներքին աշխարհն է: Մարդը կրնայ թաքնուիլ իր հոգւոյն մէջ՝ իբրեւ ամէնէն ապահով վայրը, հեռու արտաքին աշխարհի ազդեցութիւններէն: Դրական իմաստով ըմբռնուած այս «բանտը», շատ յաճախ հրաշքներ գործելու սքանչելի առիթ է մահկանացու բնութեամբ ստեղծուած մարդուն համար: Արտաքին աշխարհին աղմուկը, ինչպէս բամբասանքն ու զրպարտութիւնները, այս թաքստոցէն ներս ներթափանցելու կարողութիւնը չունին: Մարդը այստեղ ապահով է բոլոր տեսակի նետարձակումներէ եւ ցեխարձակումներէ: Աւելին՝ երբեմն ամրոցներու խտացեալ պեթոնէ պարիսպները խորտակող եւ ներթափանցող ռումբերը, այս ապաստանարանի արտաքին կեղեւին իսկ չեն կրնար ազդել: Մարդ այս վայրին մէջ կրնայ գտնել աշխարհի վրայ կարելի ամէնէն ազդու խաղաղութիւնը, որ նաեւ ստեղծագործ ուժ ունի իր մէջ: Հանճարներու ապաստանարանն է այս, որոնց համար բնաւ կարեւորութիւն չունի արտաքին աղմուկը: Անոնք վստահ են, որ նոյն այդ աղմուկը, որմէ փրկուած են իրենք, պիտի խլացնէ նոյնինքն աղմկողներուն ականջները:
Ըստ արաբական առածին՝ մարդիկ ընդհանրապէս կը թաքնուին իրենց զգեստին մէջ: Պաշտօնական տարազին մասին չէ՛ այստեղ խօսքը, այլ սովորական հագուստին՝ անոր լայն հասկացութեամբ: Այնպէս, ինչպէս հագուստը կը ծածկէ մարդկային մարմինին մերկութիւնը եւ ուրիշներուն տեսողութենէն հեռու կը մնայ տուեալ անձին մարմինը, նոյնպէս ալ, փոխաբերական իմաստով, մարդիկ իրենց «հագուստ»ին մէջ ծպտուելով՝ մեր աչքերէն կը պահեն իրենց ինքնութիւնը՝ նկարագիրը, էութիւնը: Մարդը ֆիզիքապէս մերկացնելը շատ աւելի հեշտ արարք է, քան անոր ինքնութեան զգեստը վրայէն հանելը եւ բուն էութիւնը տեսնելը:
Չէ՞ք հանդիպած մարդոց, որոնք երկար ժամանակ ձեզի խաբած են իրենց «բարի», «անվնաս», «բարեհամբոյր», նոյնիսկ «նուիրեալ անձ»ի նկարագիրով, եւ որոնք հետագային յուսախաբ ըրած են ձեզ:
Կարելի է ըսել, որ յաճախակի երեւոյթ սկսած է դառնալ այս, եւ մարդոց կեանքին մէջ տարածում սկսած է գտնել իր աւերիչ արդիւնքով: Դիմակաւոր անձերու հանդիպիլը շուտով մեզի զգաստութեան կը հրաւիրէ, եւ զգուշութեամբ կը մօտենանք նման անձերու, որպէսզի չվնասուինք: Սակայն բնաւ մեր միտքէն իսկ չ՛անցնիր սովորական զգեստաւորումով մեզի մօտեցող մարդէն զգուշանալը, որովհետեւ ամէն մարդ զգեստ կը կրէ: Թերեւս զգուշանայինք մեզի մերկ մօտեցող մարդէն, որովհետեւ այդ բոլորին համար տարօրինակ երեւոյթ է:
Ներկայ ժամանակներուն, մարդոց ամէնէն ապահով թաքստոցը իրենց հագուստն իսկ է… Յայտնի չէ՛ այլեւս, թէ ո՛վ ի՛նչ նպատակով կը մօտենայ մեզի: Բոլորն ալ զգեստաւորուած են այս կամ այն գոյնի կամ ձեւի հագուստով մը: Տարազը կամ պաշտօնական համազգեստը, կրօնաւորներու պարագային՝ սքեմը ունի գէթ պատկանելիութիւն, որուն ինքնութիւնը յստակ է եւ հասցէն՝ որոշ: Սակայն սովորական զգեստներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ձեւի, արժէքի կամ գոյնի տարբերութիւնը բնաւ չի՛ խանգարեր, որ անոր մէջ գտնուող մարդը մեզի ներկայանայ բարի կամ չար դիտումով:
Մարդ էակին այս կտաւեղէն թաքստոցը ամէնէն ամուր դռները ունի, պողպատեայ կղպանքներով, ուրկէ ներս թափանցել՝ պիտի նշանակէր համայն աշխարհի մարդկութիւնը ճանչնալ, որովհետեւ աշխարհի ամբողջ մարդկութիւնը այս կամ այն ձեւի զգեստաւորումով կը ներկայանայ մեզի, նոյնիսկ ափրիկեան ամէնէն նախնական ցեղերու մարդիկը նկատի ունենալով: Մահը երբ վրայ հասնի եւ մարդուն վրայ փտի նաեւ այն հագուստը զոր դագաղ դրած ատեն հագցուցած էին իրեն, ի՞նչ իմաստ պիտի ունենայ ոսկրակոյտին մերկութիւնը: Անոր ինքնութիւնը ծածուկ կերպով գործած է արդէն իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, բարի կամ չար արդիւնքով…։