ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Աշխապատի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին նուիրած Է ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի նախկին համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրովի «Խաղաղութիւն Ղարաբաղին» գիրքը:
Անիկա լոյս տեսած է 2009ին եւ կը բովանդակէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ պաշտօնական փաստաթուղթեր եւ հեղինակի վերլուծական նիւթեր:
Աւելի ուշ Փաշինեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է այդ գիրքը ընտրելուն պատճառին մասին. «Գիրքը «պրօհայկական» չէ: Պարզապէս Կազիմիրովը 1992-1996 թուականներին զբաղուել է Ղարաբաղի (Արցախի-Խմբ.) հարցով, մեծ ջանք է գործադրել 1994 թուականի հրադադարի համաձայնագրի ստորագրման համար եւ իր գրքում որպէս ականատես պատմում է Ղարաբաղի հակամարտութեան մի շարք կարեւոր նրբութիւնների մասին, որ ցաւալիօրէն մոռացուել են: Եւ, ի վերջոյ՝ գիրքը հոյակապ վերնագիր ունի. «Խաղաղութիւն Ղարաբաղին»: