ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Երբ հայկական հեքիաթ մը կը հասնի իր աւարտին, բարի հերոսներն ալ կը հասնին իրենց մուրազին: Ապա երկինքէն կ՛իյնան երեք խնձորներ: Ինչո՞ւ խնձոր: Ինչո՞ւ ոչ օրինակ՝ երեք ծիրանագոյն ծիրաններ, երեք ողկոյզ խաղող կամ երեք նուիրական նուռեր: Չէ՞ որ անոնք Հայկական լեռնաշխարհի հարազատ պտուղներն են կամ մեր մէջ ապրելով շատ երկար դարեր ստացած են հայկական նկարագիր: Ի՞նչ ընենք: Ինկան երեք խնձորներ:
Ըստ երեւոյթին՝ այդ պտուղը օտարութիւն չէ զգացած եւ խոր արմատներ դրած է մեր հողին մէջ: Իսկ «խնձոր» բառը, իր կարգին, քաղցր հիւթ եւ բոյր տուած է մեր գրականութեան: Այսօր, յարգելի ընթերցող, կը համտեսենք «խնձոր» բառը, ստուգաբանական արմատէն մինչեւ գրական պտուղները:
«Խնձոր» բառին լեզուական արմատները ցայսօր վիճելի են: Կարծիքները եւ վարկածները շատ են այնքան, որքան բազմաթիւ են խնձորի տեսակները, ինչպէս՝ անարատը, շշին, չրխկանը, պապի-սպիտակը, տափակը, ուլին, շաքարալմազին եւ շաքարկենին: Սակայն, ի՞նչ փոյթ, թէ զայն առաջին անգամ ո՛վ տնկած է մեր մրգաստանին մէջ՝ երբ արդէն մէկ ու կէս հազարամեակ է որ անոր պտուղը կը վայելենք: Բայց, գիտենք «խնձոր» բառին գրական մշակները՝ անոնք, որոնք իրենց տաղերուն, երգերուն եւ ասքերուն մէջ աճեցուցին «խնձոր»ի բազմաթիւ սիրունատես տեսակներ:
Ժլատ եղած է «խնձոր» բառը: Երբ «արմատ»ը տուած է 60 հատ բարդ կամ ածանց բառեր, «տերեւ»ը՝ 116 հատ եւ «պտուղ»ը՝ 125 հատ, «խնձոր»ը չէ եղած նոյնքան պտղաբեր: Անոր արմատէն աճած են ինը զուսպ բառեր, որոնցմէ երկու հատը՝ գետնախնձորը եւ խնձորխոտը, խնձոր իսկ չեն: Յիշեցնենք, թէ Սուրբ Գիրքին մէջ կան միայն հինգ հատ «խնձոր»ներ:
Թէեւ խնձորենին տարածուած է Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ, միայն մէկ քաղաք կ՛առանձնանայ իր խնձորով՝ Արտամետը, այն փառահեղ գիւղաքաղաքը, որ դարեր առաջ՝ իբրեւ «Ոստան Հայոց» կը փայլէր Վանայ լիճի հարաւ-արեւելեան ծովափին վրայ: Արտամետի բնակիչները այգեգործներ եղած են, որոնց մրգաստաններուն մէջ խնձորի առատ բերք աճած է: Աշնան ամիսներուն ամբողջ քաղաքը բուրած է փարթամ պարտէզներու խնձորներու հոտով: Արտամետցին նաեւ ունեցած է քաղցրահամ աւանդութիւն: Հարսի տարազը բուրումնաւէտ դարձնելու համար, հարսանեկան աւանդական թիթեղապատ սնտուկին մէջ դրած են քանի մը խնձորներ:
Ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցի կը պատմէր, թէ իր ծննդավայրին մէջ Ամանորին կարմիր խնձոր կը տանէին տունը հարսնացուին, որ իր կարգին պուպրիկ կը նուիրէր:
Հայրենի ամէն քաղաք, ամէն գիւղ ունեցած է իւրայատուկ «խնձոր» բառը՝ իր բարբառով համեմուած. Կարնոյ մէջ՝ խնծօր, Տիգրանակերտի եւ Թիֆլիսի մէջ՝ խնձուր, Նոր Նախիջեւանի մէջ՝ խունձոր, Ագուլիսի եւ Մոկքի մէջ՝ խնձիւր: Կիլիկիոյ պարարտ հողերուն վրայ հաճընցիները վայելեր են «խը՛նձոյ»ը, իսկ զէյթունցիները՝ «խէօնձիւյ»ը: Մեր լեռնաշխարհի արեւելեան հողերուն վրայ, Արցախի մէջ, բառը դարձած է «խնձէօր»:
Այս պտուղը սիրեց մեր երկիրը եւ նոյնացաւ անոր հետ՝ դարձաւ տեղանուն: «Խնձոր» անունով գիւղեր եղած են Սասնոյ Փսանք գաւառակին մէջ, Երզնկայի Քղի գիւղաքաղաքին մօտ, Տերսիմի Չմշկածագ քաղաքէն ոչ շատ հեռու եւ Մուշէն քիչ հեռու դէպի հիւսիս՝ այնտեղ, ուր Վարդոյի գետը կը միանայ Արածանիին: Սեբաստիայէն մինչեւ Արցախ, ունեցած ենք ինը հատ «Խնձորիկ» եւ տասը հատ «Խնձորուտ» անունով գիւղեր: Մեր բնաշխարհիկ քարտէսը կիտուած է Խնձորգիւղ, Խնձորգլուխ, Խնձորեստան, Խնձորի, Խնձորովիտ, Խնձորոյ գլուխ եւ Խնձորգին տեղանուններով: Վերջինը Վանայ ծովու հարաւ-արեւելեան ափին փռուած էր եւ ունէր նաւահանգիստ: Մեր շինարար եւ այգեպան ժողովուրդը կառուցած է նաեւ Խնձոր Բերդը եւ Խնձորի վանքը:
«Խնձոր» բառը ե՞րբ հասունցաւ եւ ե՞րբ սկսաւ մեր լեզուին համ տալ: Ոսկեդարուն, անկասկած, երբ անիկա կարմրած էր եւ ջրալի դարձած: Մեր հնագոյն մատեանները ունին հետեւեալ խօսքերը. «Խնձորենիք էին ոսկեգոյնք», «Ի ներքոյ խնձորոյն զարթուցի զքեզ», «Խնձորենի եղեւ խաչն, ընդ հովանեաւ նորա փափաքեցի (նստիլ)»: Մեր մայրենին ունի նաեւ շաքարահամ դարձուածքներ. ճաշակենք անոնցմէ քանի մը հատը. «Խնձոր գլորել»՝ գժտութիւն տալ, իրար հետ կռուացնելու առիթ տալ, «Խնձորի ծառին քար նետող շատ կը լինի»՝ գեղեցիկ աղջկայ, կնոջ հասցէին շատեր խօսք կը նետեն, «Խնձորին կէսն է» կամ «Մի խնձոր է երկու կէս արած»՝ իրարու շատ նման են, «Խածած խնձոր մը տուած չէ ինձի»՝ անոնցմէ ոչ մէկ լաւութիւն տեսած եմ, ոչ մէկ պատիւի, յարգանքի արժանացած եմ, «Խնձորի պէս»՝ սիրուն, սիրունատես, «Ետեւէն կարմիր խնձոր ուղարկել»՝ հրաւիրել, «Վերի բաղի կարմիր խնձոր»՝ հեգնական իմաստով՝ շատ կարեւոր, մեծ մարդ:
Նոյնը լսենք արցախցիի բերանով. «Ասիս բաղի կյարմյուր խնձոր ինի»: Ձեզ զգուշացնեմ, յարգելի ընթերցող, թէ ամէն խնձոր բարի կամ բախտաբեր չէ: Հեռու պէտք է մնալ «Դրախտի խնձոր» կոչուածէն, որովհետեւ գաղթակղիչ է եւ մեղք դրդող, իսկ պէտք չէ ըլլալ «Երկպառակութեան խնձոր», այսինքն վէճի կամ հակառակութեան պատճառ: Իսկ մեր երկիրը, արդեօք մեր կարմրաւուն եւ նրբամաշկ խնձո՞րն էր պատճառը, որ միշտ կը դառնար «կռուախնձոր»:
Իմաստի զարգացում ունեցեր է «խնձոր» բառը ու դարձեր է այտ, թուշ:
Պոլսահայերը կը սիրեն ըսել՝ «Երեսիդ խնձորները ուտե՜մ»: Բառը յաջողած է նաեւ հայկական ճարտարապետութեան տարր դառնալ: «Խնձոր»ի վրայ կը նստի գմբէթի խաչը:
Յարգելի ընթերցող, Դսեղ գիւղէն ոչ շատ հեռու, Ձաղիձոր գետի ձորալանջին, անտառին մէջ կայ այժմ կիսաւեր Բարձրաքաշ Սուրբ Գրիգոր վանքը: Յովհաննէս Թումանեան տողիկ մը ունի անոր խնձորին նուիրած. «Աւանդութիւնն ասում է, այնքան բարձր էր վանքի կաթուղիկէն, որ գլխի խնձորը երեւում էր դաշտից»:
Բառը քիչ մը ամչկոտ էր, լաչակաւոր: Մինչեւ մեր ժամանակները իր երեսը ընդամէնը երկու անգամ, այո՛, միայն երկու անգամ ցոյց տուած է գիրքի մը շապիկի վրայ: Զայն առաջին անգամ տեսանք 1871 թուականին, Վաղարշապատի մէջ, «Երկու Խնձորածախ Տղայոց Պատմութիւնը» գիրքին վրայ, իսկ երկրորդը՝ 1895ին, Թիֆլիսի մէջ, փոքր հատորի մը խորագիր մըն էր. «Խնձորենիների Երկրում»:
2014ին, հայրենի հրատարակչական դաշտը փափկանկատ եղաւ անոր հանդէպ: Երեւանի մէջ, Արցախի բարբառով լոյս տեսաւ հայկական ժողովրդական հեքիաթներու հրաշալի ժողովածու մը. «Երգինքան Իրեք Խնձոր Վեր Ընգաւ» խորագիրով:
Խնձորին երրորդն է ամէնէն քաղցրը. զայն կը վերապահենք յաջորդ յօդուածին: Այդ հեքիաթին մէջ դուք կը վայելէք «խնձոր» բառին աշուղական, քնարական, սիրային եւ կարմրաթուշ գործածութիւնները:
Այսօր մեր հեքիաթը աւարտենք այնպէս, ինչպէս բոլոր հայկական հեքիաթները կ’աւարտին. Երկինքէն ինկան երեք խնձորներ. մէկը՝ ըսողին, մէկը՝ լսողին, մէկն ալ՝ ականջ դնողին։
Parev Norayr
Geh Shnorhavorem Kez. Mishd geh gartam krootyunneret, nooyn hadjooykov. Sharoonageh hramtsenel hayereni yev hayreniki masin hedakrkragan krootyuneret.
Dasseh Khatch.