ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 2007ին, Հրանդ Տինքի սպանութենէն քանի մը ամիս ետք, Մալաթիոյ մէջ յարձակում գործուած էր «Զիրվէ» հրատարակչատան վրայ եւ սպաննուած էին երեք քրիստոնեայ աւետարանիչներ, որոնցմէ մէկը գերմանացի էր, իսկ միւս երկուքը՝ թուրքեր։ Զոհերուն ընտանիքները դատ բացած էին ներքին գործոց նախարարութեան եւ Մալաթիոյ կուսակալութեան դէմ. 2015ին դատարանը վճռեց, որ թերացում մը եղած էր եւ ընտանիքներուն դրամական հատուցում պահանջեց։
Նախարարութիւնը բողոքեց վճիռին դէմ եւ 2017ին վճիռը բեկանուեցաւ։ Պահանջուեցաւ, որ դարձեալ քննուի նախարարութեան եւ կուսակալութեան գործունէութիւնը ու թերացումի մասին պնդումը։ Մալաթիոյ վարչական դատարանը այս տարուան Յուլիսին «անթերի» հռչակեց նախարարութեան եւ կուսակալութեան գործողութիւնները։ Այժմ կը պահանջուի, որ զոհերուն ընտանիքները վերադարձնեն վնասուց հատուցումները՝ տոկոսներով։